Պայծառ, յաջողակ, խելացի, խորաթափանց, զգայուն, սիրող, հոգատար, գործնական, լաւատես, հեռանկարային, բարի… Տիգրան Գալայճեանի դէմքին վրայ մշտապէս պայծառ ժպիտը փորագրուած էր:
Անհնար է ըմբռնել, հրաշալի մարդկային արժէքներով օժտուած Տիգրան Գալայճեանի վաղաժամ եւ անսպասելի կորուստը: Համաճարակին զոհ մը եւս՝ ոչ պակաս աղետալի Լիբանանի մէջ:
Շատ սիրուած ու յարգուած էր իր ընտանիքին, ընկերներու լայն շրջանակին և գործընկերներուն կողմէ:
Տիգրան յաջողակ գլխաւոր տնօրէնն էր Wunderman Thompson ընկերութեան Մերձաւոր Արևելքի և Հիւսիսային Ափրիկէի երկրներու տարածքին: Անոր վստահուած էր միջազգային մեծ ընկերութեան 15 երկիրներու մէջ մասնաճիւղներու ֆինանսական ծրագրումը, վերահսկողութիւնը եւ ընդհանուր հաշուետուութիւնը: Իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսաւ հանրայայտ Ernst & Young ընկերութեան մէջ, ուր աստիճանաբար պաշտօններու բարձրացումներ ձեռք բերաւ, իր մասնագիտական կարողութիւններու եւ յաջողութիւններու շնորհիւ:
2006 թ.-ին Տիգրան դարձաւ JWT ընկերութեան Միջին Արեւելեան եւ Հիւսիսային Ափրիկէի տարածաշրջանի ֆինանսական պատասխանատու և կարճ ժամանակի ընթացքին, ընկերութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան կողմէ նշանակուեցաւ գլխաւոր ֆինանսական տնօրէն (Chief Financial Officer): Տարիներու ընթացքին նպաստեց ընկերութեան կառուցուածքային նախաձեռնութիւններուն, տուրքերու բարդ խնդիրներու կարգաւորման եւ ընկերութեան գանձապետարանի կազմակերպման ու առեւտրական ձեռքբերումներու տնօրինման: Ասոր առընթեր, մի քանի ընկերութիւններու խորհրդական մարմնի անդամ էր:
Տիգրան ծնած է 10 մարտ 1973-ին, Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեան Գալայճեաններու ընտանիքին մէջ: Երկու տարեկան էր Տիգրան երբ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը ծայր առաւ: Իր մօրը պաշտօնավարած ԼAU համալսարանէն ներս ընտանիքը հաստատուեցաւ եւ երկու եղբայրներ Տիգրան եւ Ռազմիկ իրենց մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը անցուցին արեւմտեան Պէյրութ ԼAU համալսարանէն ներս: Այդ պատճառաւ ալ, իրենց նախակրթական եւ երկրորդական ուսումը ստացան Ամերիկեան համալսարանի կապուած International College-ի մէջ:
Տիգրանը իր համալսարանական ուսումը ստացաւ LAU-ի մէջ, ստանալով B.S. եւ MBA տիտղոսները 1995 եւ 1998 թուականներուն: Մասնագիտութիւն ձեռք բեռած էր հաշուապահական եւ ֆինանսական ճիւղերուն մէջ: Մասնագիտական իր CPA կոչումը ստացաւ Քալիֆորնիոյ նահանգէն:
Իր յաջող առեւտրական ասպարէզին զուգահեռ եւ չնայած իր մնայուն ճամբորդութիւններուն, Տիգրան հայ կեանքի մէջ ներգրաւուած էր եւ Լիբանանահայ համայնքի գործօն անդամ էր, միշտ զօրավիգ ունենալով իր կողակիցը՝ Սիլվին: Բազմաթիւ բարեգործական, մշակութային, ուսումնական եւ ընկերային ծրագիրներու յաջողութեան նպաստած է, կազմակերպչական եւ խորհրդատուական իր բացառիկ կարողութիւններով:
Ուսանողական տարիներուն մաս կազմած է Հայց. Եկեղեցւոյ համալսարանական ուսանողական միութեան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հովանիի տակ: Երկար տարիներ ծառայած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Թռչնոց Բոյն»ի խնամակալ մարմնին, որպէս տնտեսական հարցերու խորհրդատու:
Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին եւ համայնքին ծառայած է որպէս երեսփոխան երկու ընտրական շրջան, ներկայացնելով Ռըմէյլի Ս. Յարութիւն եկեղեցին: Իր օրով բարգաւաճեցաւ եկեղեցւոյ գործունէութիւնը ընդգրկելով ընդարձակ մարդասիրական ծառայութիւններ թաղի կարիքաւոր ընտանիքներուն համար, որը կրկնապատկուեցաւ Օգոստոս 4-ի Պէյրութի նաւահանգիստի աղէտալի պայթումէն ետք: Տիգրան իր մասնաւոր ներդրումը ունեցաւ ժողովուրդին ընձեռուած շաբաթական դրութեամբ օգնութիւններուն: Սիրուեցաւ ժողովուրդէն եւ գնահատուեցաւ իր բազում ծառայութիւններուն համար:
Իր ծնողաց հետ ան փոքր տարիքէն մաս կազմած էր ՀԲԸՄ-ի մեծ ընտանիքին: Ան հետեւողական կերպով իր զաւակները առաջնորդած էր մաս կազմելու Տէմիրճեան Կեդրոնի գործունէութիւններուն մարզական, կրթական, ընկերային եւ սկաուտական մարզերէն ներս:
Հասակ առնելով Պէպօ եւ Ազատուհի Սիմոնեաններու ընտանիքին մէջ, Տիգրան եւ եղբայրը Ռազմիկ մաս կազմեցին ՀՄՄ-ի սկաուտական կազմակերպութեան ու հասան մինչեւ փոխ խմբապետի մակարդակին: Անոնք իրենց ասպարէզի յաջողութիւններուն մէջ երբեք չմոռցան իրենց միութիւնը եւ դարձան հովանաւորներ ՀՄՄ-ի սկաուտական շարժման, բերելով իրենց նիւթական եւ բարոյական նպաստը մինչեւ օրս:
Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան իր հիմնադիր հօր փափաքին ընդառաջելով, նեցուկ կանգնած է միութեան աշխատանքներուն եւ յատկապէս «Արեգ» պարախումբի կեանքի կոչուելէն ետք անոր հովանաւորներէն մին հանդիսացած: Իր դստեր Սարիկի գործօն մասնակցութիւնը պարախումբի վերջին տարիներու ելոյթներուն մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէր Տիգրանին եւ ան իր առատաձեռն նուիրատուութիւններով կ’օժանդակէր պարախումբի պիւտճէի առաւել բաւարարման:
Տիգրան հայ համալսարանաւարտ երիտասարդներուն մնայուն կերպով նեցուկ կանգնած է, զանոնք տեղաւորելով միջազգային ընկերութիւններու մէջ որոնց հետ ինք մնայուն կապեր ունեցած է: Անոնք միշտ ալ երախտապարտ եղած են Տիգրանին իրենց ասպարէզի կեանքին մէջ ձեռք ձգած յաջողութիւններուն համար: Բազմաթիւ են նաեւ այն համալսարանականները որոնք Տիգրանի համաշխարհային ցանց ունեցող ընկերութեան մէջ կատարած են իրենց փորձառական վարժութիւնները, այդ ձեւով ամբողջացնելով իրենց համալսարանական տիտղոսին պահանջք հանդիսացող փորձառական շրջանը:
Ազգային եւ հայրենասիրական խոր ապրումներով ապրող եւ տագնապող բարձրագոյն ասպարէզի ոլորտներուն մէջ ինքզինքը պարտադրած եւ վերելքներու հասած արդի երիտասարդութեան տիպարներէն էր Տիգրան, որը հպարտութիւնն էր իր ընտանիքին եւ հաւաքականութեան: Ափսոս որ միայն 47 տարիներու վրայ տարածուեցաւ իր բազմաբովանդակ գործունէութեան ժամանակաշրջանը: Դեռ շատ տալիք ունէր ան իր ազգին:
Լոյս ու խունկ իր յիշատակին: