Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Հայաստանը Ստացած Է Աւելի Քան 184 Թոն Մարդասիրական Օգնութիւն

Հայաստանը Ստացած Է Աւելի Քան 184 Թոն Մարդասիրական Օգնութիւն

by MassisPost

Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի առաջին օրերէն առ այսօր սփիւռքի ջանքերով եւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի օժանդակութեամբ Հայաստան հասած է աւելի քան 184 թոն մարդասիրական տարաբնոյթ օգնութիւն: Անիկա կը ներառէ  բժշկական ժամանակակից սարքաւորումներ, առաջին բուժօգնութեան վիրակապեր, վէրքերու մշակումի եւ մաշկի վերականգնումի բուժական միջոցներ, ձմեռնային տաք պահող արտահագուստ եւ կօշիկներ, քնապարկեր, վրաններ, մահճակալներ, սնունդ, նուէրներու փաթեթներ արցախցի դպրոցականներուն համար եւ այլն:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, մարդասիրական օգնութիւնը յատկապէս մեծ եղած է ԱՄՆ-էն եւ եւրոպական մի քանի երկրներէ՝ Ֆրանսա, Պելճիքա, Հոլանտա եւ այլն։

shipment-2

Պատերազմի աւարտէն ետք ստացած օգնութիւնը բաշխուած է շարք մը առողջապահական եւ համայնքային կառոյցներու՝ Քանաքեռ–Զէյթուն բժշկական կեդրոն եւ ծննդատուն, Սուրբ Աստուածամայր, Էրեբունի եւ Գրիգոր Լուսաւորիչ բժշկական կեդրոններ, փրոֆեսոր Ռ․ Օ․ Եոլեանի անուան Արիւնաբանական կեդրոն, Մուրացանի զինուորական հիւանդանոց, Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոն, Մարտունիի, Կապանի, Վարդենիսի, Գորիսի եւ Նոյեմբերեանի բժշկական կեդրոններ։

Oգնութիւն տրամադրուած է նաեւ Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան, իսկ ձմեռնային տաք պահող արտահագուստ եւ կօշիկներ՝ շահառուներուն փոխանցուած է Տաւուշի, Արարատի եւ Գեղարքունիքի մարզպետարաններուն միջոցաւ:

Մարդասիրական օգնութիւնը կը շարունակուի, բեռները կը գտնուին մաքսազերծման եւ դասակարգման գործընթացի մէջ։ Այս պահու դրութեամբ պահեստաւորուած է յունուար 22-էն փետրուար 4 Լոս Անճելոսէն ստացած 63.015 քիլոկրամ բեռ։ Օգնութիւնը շուտով պիտի հասնի հասցէատէրերուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment