Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Աւետարանոց եւ Ակնաղբիւր Գիւղերու Բնակիչներու Համար Բնակարաններ Կը Կառուցուին Ասկերանի Մէջ

Աւետարանոց եւ Ակնաղբիւր Գիւղերու Բնակիչներու Համար Բնակարաններ Կը Կառուցուին Ասկերանի Մէջ

by MassisPost

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան ընդունած է Ասկերանի շրջանի Աւետարանոց եւ Ակնաղբիւր գիւղերու խումբ մը բնակիչներ, յայտնած է Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան վարչութիւնը:

Քննարկուած են տեղահանուած ընտանիքներու խնդիրները եւ անոնց համատեղ բնակութեան վայրի ընտրութեան հարցը:

Արայիկ Յարութիւնեան ընդգծած է նախընտրութիւնը, որ այդ գիւղերու բնակիչները վերաբնակեցուին համախումբ սկզբունքով: Երկու համայնքներու բնակիչներու հետ քննարկումներու ընթացքին նախանշուած են Ասկերանի շրջանի շարք մը վայրեր, որոնց վերջնական ընտրութիւնը պէտք է կատարեն բնակիչները՝ պետական լիազօր մարմիններու ներկայացուցիչներու հետ միասին: Այնուհետեւ կարճ ժամանակահատուածի ընթացքին կը կազմուին նոր բնակավայրերու նախագիծերն ու կը տրուի շինարարական աշխատանքներու մեկնարկը:

Հանդիպման մասնակցած են Արցախի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու եւ քաղաքաշինութեան նախարարները, կալուածատուրքի եւ պետական գոյքի կառավարման պետական կոմիտէի ղեկավարը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment