Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ 6-7 Աստիճան Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ Երեւանէն 8 Քմ Հարաւ-Արեւելք

6-7 Աստիճան Ուժգնութեամբ Երկրաշարժ Երեւանէն 8 Քմ Հարաւ-Արեւելք

by MassisPost

Փետրուար 13-ին տեղի ունեցած երկրաշարժէն յետոյ, 110 յետցնցում գրանցուած է, բոլորն ալ թոյլ։ Այսօր`Փետրուար 15-ին ժամը 18:21-ին, երկրաշարժ գրանցուած է Երեւանէն 17 քմ հարաւ:

Շաբաթ օր տեղական ժամանակով ժամը 15։29-ին երկրաշարժ տեղի ունեցած է Հայաստան, մակակեդրոնը՝ Երեւանէն 8 քմ հարաւ-արեւելք, ստացուած են ահազանգեր աւերածութիւններու վերաբերեալ, հաղորդած է Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը (ԱԻՆ)։

Հաղորդագրութեան համաձայն՝ երկրաշարժային պաշտպանութեան տարածքային ծառայութեան երկրաշարժագիտական ցանցի կողմէ 4․7 մակնիթուտով երկրաշարժը գրանցուած է հիւսիսային լայնութեան 40.11 աստիճան եւ արեւելեան երկայնութեան 44.54 աստիճան աշխարհագրական չափագրումներով, օճախի 10 քմ խորութեամբ: Մակակեդրոնային գօտիին վրայ ստորգետնեայ ցնցման ուժգնութիւնը կազմած է 6-7 աստիճան:

Երկրաշարժը զգացուած է Երեւան քաղաքին մէջ` 5-6 աստիճան ուժգնութեամբ, Արագածոտնի, Արարատի, Շիրակի, Արմաւիրի, Վայոց Ձորի մարզերուն մէջ` 3-4 աստիճան ուժգնութեամբ:

Ստացուած են ահազանգեր Այվազովսկիի եւ Սմբատ Զօրավարի փողոցներուն վրայ՝ տեղի ունեցած երկրաշարժի հետեւանքով աւերածութիւններու վերաբերեալ, հաղորդած է ԱԻՆ-ը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment