Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արցախի Նախագահը Առաջին Անգամ Հանդիպած Է Ատրպէյճանի Պաշտօնական Ներկայացուցչին Հետ

Արցախի Նախագահը Առաջին Անգամ Հանդիպած Է Ատրպէյճանի Պաշտօնական Ներկայացուցչին Հետ

by MassisPost

Արցախի նախագահը Փետրուար 12-ին առաջին անգամ հանդիպած է Ատրպէյճանի պաշտօնական ներկայացուցչին հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են գերիներու վերադարձին, անյայտ կորածներու որոնման առնչուող եւ մարդասիրական հարցեր։ Ներկայ եղած են նաեւ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն՝ Արմէն Աբազեան եւ Արցախի մէջ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատար՝ Ռուստամ Մուրատով։

«Աւելին ասել չեմ կարող։ Հանդիպումը տեղի է ունեցել այն տարածքում, որը այս պահին ռուսական խաղաղապահների վերահսկողութեան տակ է», – «Ազատութիւն»ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ։ Հարցին, թէ ատրպէյճանական կողմէն ով մասնակցած է հանդիպման, Լուսինէ Աւանեսեան արձագանգեց․ – «Այդ տեղեկութիւնը հրապարակելու իրաւասութիւնը արդէն ատրպէյճանական կողմինն է, մենք հրապարակել ենք, թէ ով է եղել մեր կողմից»։

Քառակողմ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են նաեւ Արցախեան առաջին պատերազմի ընթացքին անհետ կորած համարուող Ատրպէյճանի քաղաքացիներու ճակատագիրը պարզելուն վերաբերող հարցեր։ Աւելին, Ատրպէյճանի ռազմագերիներու, պատանդներու ու անհետ կորածներու պետական յանձնաժողովի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ երկրի Զինուորական դատախազութեան ներկայացուցիչներու, Առողջապահութեան նախարարութեան դատաբժշկական փորձաքննութեան եւ Պաթոլոգիական անաթոմիայի Ախտաբանական կազմախօսութեան ընկերութեան մասնակցութեամբ կատարուած միջոցառումներու հետեւանքով, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն Շուշի քաղաքի մերձակայքը Ատրպէյճանին փոխանցած է Ղարաբաղեան առաջին պատերազմի ժամանակ անյայտ կորած համարուող 7 քաղաքացիներու աճիւններ։ Աշխատանքներ կը տարուին մնացորդներու ինքնութիւնը ճշդելու ուղղութեամբ։

Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակը ոչ հերքեց, ոչ ալ հաստատեց այս լուրը, միայն նշեց, որ նման տեղեկութեան չի տիրապետեր։

Ինչ կը վերաբերի հանդիպման ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն, Լուսինէ Աւանեսեան մանրամասնութիւններ չներկայացուց. – «Յամենայն դէպս, եթէ ինչ-որ յստակութիւն էլ կայ, նպատակայարմար չենք գտնում դա հրապարակել, քանի որ թեման ինքնին շատ նուրբ է, եւ ցանկացած ոչ ճիշդ մեկնաբանութիւն կամ ոչ պատշաճ տեղեկատուութիւն կարող է ազդել ամբողջ գործընթացի վրայ, երբեմն՝ ոչ դրական իմաստով»։

Երէկ՝ Փետրուար 14-ին, ատրպէյճանական կողմի հետ եւս մէկ հանդիպում ալ տեղի ունեցած է։ Այս անգամ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետներ Մհեր Գրիգորեան, Ալեքսէյ Օվերչուք ու Շահին Մուսթաֆաեւ տեսակապի ձեւաչափով կատարած են եռակողմ աշխատանքային խումբի երկրորդ նիստը: Քննարկման հիմքը եղած է Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտը, այն է՝ որ տարածաշրջանի մէջ կ’ապաշրջափակուին բոլոր տնտեսական եւ փոխադրային կապերը, ինչպէս նաեւ Յունուար 11-ի յայտարարութեան 2-րդ, 3-րդ եւ 4-րդ կէտերը, համաձայն որոնց՝ գործունէութեան հիմնական ուղղութիւնները իրագործելու նպատակով աշխատանքային խումբի համանախագահները պէտք է հաստատեն այդ ոլորտներէն ներս փորձագիտական ենթախումբերու կազմը, ինչպէս նաեւ աշխատանքային խումբը մինչեւ Մարտ 1-ը ամենաբարձր մակարդակով հաստատման կը ներկայացնէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի տարածքով իրագործուող միջազգային փոխադրումներու կազմակերպման, իրագործման եւ անվտանգութեան ապահովման համար անհրաժեշտ նոր փոխադրային ենթակառուցուածքներու կառոյցներու վերականգնման եւ կառուցման միջոցառումներու իրագործման ցանկ եւ ժամանակացոյց:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment