Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մարտէն Սկսեալ Ուժի Մէջ Կը Մտնէ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

Մարտէն Սկսեալ Ուժի Մէջ Կը Մտնէ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

by MassisPost

Եւրոպական Միութիւնը այսօր՝ Փետրուար 11-ին, ծանուցած է Հայաստանին՝ ԵՄ եւ ԵՄ անդամ երկիրներու կողմէ ՀՀ-ԵՄ Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագրի (ՀԸԳՀ) վաւերացման գործընթացքի աւարտի մասին։ Համաձայնագիրը լիարժէքօրէն ուժի մէջ կը մտնէ Մարտ 1-էն: Այս մասին հաղորդած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

ԱԳՆ-ի յայտարարութեան համաձայն` համաձայնագիրը, որ ստորագրուած է 2017 թուականի Նոյեմբեր 24-ին Պրիւքսելի մէջ կայացած Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս, նոր՝ գործընկերային մակարդակի կը բարձրացնէ Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ կը կանոնակարգէ երկխօսութիւնը քաղաքական եւ տնտեսական բնագաւառներէն ներս, ինչպէս նաեւ ոլորտային համագործակցութիւնը եւ առեւտրային յարաբերութիւնները։

ՀԸԳՀ համընդգրկուն փաստաթուղթ է, որ կուռ իրաւական հիմք կը ստեղծէ ՀՀ-ԵՄ գործընկերութեան համար՝ ուրուագծելով համագործակցութիւնը ամենատարբեր ոլորտներէն ներս, ինչպիսիք են արդարադատութիւնը, անվտանգութիւնը, տնտեսութիւնը, գիւղատնտեսութիւնը եւ ենթակառուցուածքները, շրջակայ միջավայրը եւ կլիման, կրթութիւնը եւ գիտութիւնը, մշակոյթը, առողջապահութիւնը եւ այլն։

«Համաձայնագրի արդիւնաւէտ կիրարկումը շօշափելի արդիւնքներ կը բերի մեր քաղաքացիներին՝ լայնածաւալ բարեփոխումների միջոցով խթանելով ժողովրդավարութեան, քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային կայունութեան ամրապնդումը եւ ժամանակի ընթացքում իր ազդեցութիւնը կ’ունենայ մեր քաղաքացիների բարեկեցութեան եւ կենսակերպի վրայ։

Հարկ է ընդգծել, որ ՀԸԳՀ-ն անդրադառնում է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման հարցին՝ վերահաստատելով ԵՄ յայտարարուած յանձնառութիւնը՝ աջակցելու ԵԱՀԿ Մինսքի խմբի համանախագահների ջանքերին ու մօտեցումներին, որոնք ուղղուած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հանգուցալուծմանը, մասնաւորապէս՝ ժողովուրդների իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ», – շեշտած է արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment