Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ-ն ու ԱՀԿ-ն «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պատուաստներու Հարցով Կ’աջակցին Հայաստանին

ԵՄ-ն ու ԱՀԿ-ն «Քորոնա» Ժահրի Դէմ Պատուաստներու Հարցով Կ’աջակցին Հայաստանին

by MassisPost

Եւրոպական Միութիւնն ու Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) համատեղ ջանքերով կ’աջակցին շարք մը երկիրներու՝ անոնց կարգին Հայաստանին, բնակչութեան COVID-19-ի դէմ պատուաստելու հարցով։ Այս մասին յայտնած է Reuters լրատուական գործակալութիւնը։

Եւրոպական Միութիւնն ու ԱՀԿ-ն մասնաւորապէս յայտարարած են, որ 40 միլիոն եւրօ պիտի յատկացնեն երեք տարուայ ընթացքին Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներուն՝ Հայաստանին, Վրաստանին, Ատրպէյճանին, Պելառուսիոյ, Ուքրանիոյ եւ Մոլտովիոյ, «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստներու հասանելիութիւն ապահելու համար։

«Սկզբնական փուլին, միջոցները կ’ուղղուին նախապատրաստական աշխատանքներուն՝ ինչպիսին են ծրագրաւորելը, սարքաւորումներն ու նիւթերը, որմէ յետոյ կը մեկնարկեն պատուաստումը եւ ուսումնասիրութիւնները», – յայտարարած է ԱՀԿ-ն։

Անցեալ ամիս Հայաստանի առողջապահութեան նախարարը յայտարարած է, որ Covax Facility միջազգային նախաձեռնութեան ծիրէն ներս Փետրուարի սկիզբին, երկիր կը ներկրուի պատուաստներու խմբաքանակ, որով նախ կը պատուաստուին վտանգի ենթակայ  խումբերուն մէջ գտնուող քաղաքացիները՝ տարեցները, քրոնիկ հիւանդութիւն ունեցողները։ Ըստ գերատեսչութեան՝ Կառավարութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ ինչպէս «Սփութնիք V», այնպէս ալ միւս՝ Pfizer-BioNTech, Moderna պատուաստները ձեռք բերելու շուրջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment