Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Թուրքիոյ Մէջ Հայ Իրաւապաշտպանին Դէմ Հետաքննութիւն Սկսած Է Էրտողանը Վիրաւորելու Համար

Թուրքիոյ Մէջ Հայ Իրաւապաշտպանին Դէմ Հետաքննութիւն Սկսած Է Էրտողանը Վիրաւորելու Համար

by MassisPost

Թրքական իշխանութիւններուն հասցէագրուած սուր քննադատութիւններով յայտնի հայ իրաւապաշտպան՝ Արլէթ Նաթալի Աւազեանի դէմ հետաքննութիւն սկսած է, Թուրքիոյ նախագահի Ռէճէպ Թայէպ Էրտողանի հասցէին վիրաւորական հրապարակումներ ընելու համար, գրած է Ermenihaber.am-ը։

Այս մասին Աւազեան գրառում կատարած է Twitter-ով, հրապարակելով նաեւ իրեն ուղղարկուած հետաքննութիւն սկսելու մասին որոշման փաստաթղթերը:

Նշուած է, որ 2014-2018 թուականներու ընթացքին, Աւազեան Twitter-ով նախագահի հասցէին վիրաւորական 8 հրապարակում կատարած է, որոնք յանցակազմ պարունակող արարք որակուած են:

Յիշեցնենք, որ ասիկա Աւազեանի դէմ հետաքննութիւն սկսելու առաջին դէպքը չէ: Զայն նաեւ քանիցս բերման ենթարկած են Թուրքիոյ պաշտօնատար անձերու հասցէին սուր քննադատութիւններ հնչեցնելու համար:

Իրաւապաշտպանը 2019-ի Հոկտեմբերին, Twitter-ի վրայ գրառում կատարած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար՝ Մեւլութ Չաւուշօղլուի մասին։ Ան տեղադրած էր արտաքին գործոց նախարարի ընտանիքի 1998-ի լուսանկարը եւ գրած․ «Անոնք Անթալիոյ հարաւային շրջանին մէջ յայտնի եղած են որպէս «քրտական գողեր»»։

Նշենք, որ Արլէթ Նաթալի Աւազեանի Twitter-ին կը հետեւի 175.000 օգտատէր: Անոր կատարած գրառումներուն թիւը  կ’անցնի 230.000-ը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment