Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի ու Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն Արցախի մէջ իրագործուելիք խոշոր ենթակառուցուածքային նախագիծերու վերաբերեալ, դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է վարչապետի խօսնակ՝ Մանէ Գէորգեան։
Խորհրդակցութեան մասնակցած են Հայաստանի կառավարութեան պատասխանատու գերատեսչութիւններու ղեկավարները։
Նախանշուած են յառաջիկայ ծրագիրները, անոնց ուղղուելիք ֆինանսական յատկացումները եւ հետագայ քայլերը: