Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 123-ով, Բուժուածներունը՝ 293-ով, Գրանցուած Է Մահուան 3 Նոր Դէպք

Հայաստանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Դէպքերու Թիւը Աճած Է 123-ով, Բուժուածներունը՝ 293-ով, Գրանցուած Է Մահուան 3 Նոր Դէպք

by MassisPost

Հայաստանի մէջ վերջին մէկ օրուայ ընթացքին «Քորոնա» ժահրի դէպքերու թիւը աճած է 123-ով՝ հասնելով 168 300-ի, գրանցուած է հիւանդութենէն մահուան 3 նոր դէպք, կը հաղորդէ Առողջապահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնը:

Փետրուար 9-ի ժամը 11-ի սահմաններուն, կեդրոնի պաշտօնական կայքէջի հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ հիւանդութենէն բուժուածներու թիւը աւելցած է 293-ով եւ հասած 160169-ի:

Ըստ նոյն աղբիւրին, կատարուած է 2 269 հետազօտութիւն, ընդհանուր թիւը հասած է 668 464-ի:

Առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդմամբ՝ նախորդ օրը արձանագրուած է մահուան 1 դէպք, երբ հիւանդը ունեցած է «Քորոնա» ժահրի վարակ, սակայն մահը վրայ հասած է այլ հիւանդութեան պատճառով:

«Քորոնա» ժահրի հիւանդութենէն մահացածներու ընդհանուր թիւը հասաւ 3126-ի, եւս 784 վարակակիր, ըստ Առողջապահութեան նախարարութեան, մահացած է այլ պատճառներով:

Այսպիսով, COVID-19-էն տուեալ պահուն Հայաստանի մէջ կը բուժուի 4221 մարդ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment