Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արարատի Մարզպետարանը Հերքած Է, Թէ Վարչապետին Հետ Քննարկուած Է Տիգրանաշէնը Ատրպէյճանին Յանձնելու Հարցը

Արարատի Մարզպետարանը Հերքած Է, Թէ Վարչապետին Հետ Քննարկուած Է Տիգրանաշէնը Ատրպէյճանին Յանձնելու Հարցը

by MassisPost

Լրատուամիջոցներով շրջանառուող տեղեկութիւնը, թէ Փետրուար 3-ին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Արարատի մարզ կատարած այցելութեան ընթացքին քննարկուած է Տիգրանաշէն բնակավայրը առաջիկային Ատրպէյճանին յանձնելու մասին հարցը, իրականութեան չի համապատասխաներ, յայտնած է Արարատի մարզպետարանը:

Ըստ հաղորդագրութեան, վարչապետի այցելութեան ժամանակ քննարկուած են բացառապէս մարզէն ներս իրագործուած եւ իրագործուելիք ծրագիրներուն վերաբերող հարցերու այն շրջանակը, որ աւելի վաղ ներկայացուած է պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ:

Մարզպետարանը խնդրած է ապատեղեկատուութիւն չտարածել եւ «զերծ մնալ ներքին եւ արտաքին թշնամիների շահերը սպասարկելուց»:

Յիշեցնենք, որ Փետրուար 3-ին, վարչապետը այցելած է Արարատի մարզ եւ խորհրդակցութիւն կատարած։ Ըստ վարչապետի գրասենեակին, քննարկուած են 2020-ի արդիւնքներն ու առաջիկային նախատեսուող ծրագիրները։ Խորհրդակցութեան մասնակցած են Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար՝ Սուրէն Պապիկեան, վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար՝ Արսէն Թորոսեան, Արարատի մարզպետ՝ Ռազմիկ Թեւոնեան, փոխմարզպետները, Դատախազութեան, Քննաչական կոմիտէի, Ոստիկանութեան, մարզային վարչութիւններու, Զինուած ուժերու համապատասխան ստորաբաժանման ղեկավարները եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment