Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ջաւախքի Մէջ Կը Պահանջեն Բանալ Հայաստանի Եւ Ռուսաստանի Հետ Սահմանները

Ջաւախքի Մէջ Կը Պահանջեն Բանալ Հայաստանի Եւ Ռուսաստանի Հետ Սահմանները

by MassisPost

Ախալքալաքի կեդրոնը, Փետրուար 3-ին, բողոքի ցոյց կատարուած է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի հետ սահմաններու բացման պահանջով։

Քաղաքապետարանի դիմաց հաւաքուած մօտ 100 ցուցարարներ մուտք գործած են շէնք՝ տեղական իշխանութենէն պահանջելու հնարաւորութիւն տալ իրենց մեկնելու արտագնայ աշխատանքի։

Ռուսաստանի եւ Հայաստանի հետ Վրաստանի սահմանները փակ են նախորդ տարուայ մարտէն՝ պայմանաւորուած նոր «Քորոնա» ժահրի համավարակի տարածմամբ։

Ցուցարարները պնդած են, որ ճամբորդութեան արգելքի պատճառով զրկուած են աշխատանքէն, մատնուած են սովի եւ ոմանց ընտանիքներու անդամները մնացած են սահմաններու միւս կողմը։ Եկամուտի հնարաւորութենէն զրկուելու հետեւանքով վտանգուած են ոմանց գրաւադրուած ունեցուածքն ու  տուները։

Քաղաքապետի հետ հանդիպման ընթացքին, ախալքալաքցիները ներկայացուցած են զիրենք յուզող շարք մը տնտեսական խնդիրներ, սակայն որպէս հիմնական պահանջ նշած են սահմաններու բացումը եւ արձագանգելու համար մէկ շաբաթ ժամանակ տուած են իշխանութիւններուն։

Ասիկա Ախալքալաքի մէջ այս պահանջով արդէն երկրորդ ցոյցն է վերջին մէկ շաբթուայ ընթացքին։ Ցուցարարները փողոց իջած էին նաեւ Յունուար 31-ին։

Ջաւախքի բնակիչներէն շատերու համար եղանակային աշխատանքը Ռուսաստանի կամ Հայաստանի մէջ, եկամուտի հիմնական աղբիւրներէն մէկն է։

Վրաստան այժմ արգիլած է իր քաղաքացիներուն հատել սահմանը թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Ռուսաստանի հետ։ Ճամբորդութիւնը հնարաւոր է միայն բացառիկ պարագաներուն, Վրաստանի մօտ այդ երկիրներուն դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու համաձայնութիւնը ստանալէն յետոյ։

Յունուարի վերջին, Վրաստան յայտարարեց, որ պիտի մեղմացնէ օտար երկրացիներու՝ Վրաստան մուտքի կարգը, եւ թոյլ տուաւ Փետրուար 1-էն սկսեալ մուտք գործել երկիր Covid-19-ի դէմ պատուաստ ստացած ըլլալու պարագային, կը վերացուի նաեւ միջազգային ուղեւոր փոխադրութեան վերաբերեալ սահմանափակումը։

Հայաստանէն Վրաստան անձանց մուտքը այժմ հնարաւոր է միայն օդային ճանապարհով՝ Covid-19-ի դէմ պատուաստը ամբողջութեամբ՝ երկու չափաբաժինով ստանալէն յետոյ։

Նախորդ տարուայ սկիզբին, տարածաշրջանի «Քորոնա» ժահրի տարածման ամենացած ցուցանիշը ունեցող Վրաստանի մէջ համաճարակային իրավիճակը կտրուկ վատթարացած էր աշնան։ Ընդհանուր առմամբ երկրին մէջ արձանագրուած է վարակի մօտ 260 հազար դէպք, հիւանդութենէն մահացածներու թիւը գերազանցած է 3 հազար 200-ը։ Վերջին մէկ ամսուայ ընթացքին, այդուհանդերձ, վարակի նոր դէպքերու թիւերը սկսած են նուազիլ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment