Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պետական Դաւաճանութեան Ցմահ, եւ Լրտեսութեան Համար 12-20 Տարուան Ազատազրկում

Պետական Դաւաճանութեան Ցմահ, եւ Լրտեսութեան Համար 12-20 Տարուան Ազատազրկում

by MassisPost

Ազգային Ժողովի պետաիրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովը այսօր դրական եզրակացութիւն տուած է Ազգային ժողովի ընդդիմադիր «Բարգաւաճ Հայաստան» խմբակցութեան ներկայացուցած նախագիծին։

Նախագիծի հեղինակներն են Վահէ Էնֆիաջեան եւ Նաիրա Զօհրապեան եւ Իվեթա Տօնոյեան։

ԲՀԿ-ն, ըստ Ազգային Ժողովի փոխ նախագահ Վահէ Էնֆիաջեանին, առաջարկած է պետական դաւաճանութեան համար սահմանել ամենախիստ պատիժը՝ ցմահ ազատազրկում, իսկ լրտեսութեան համար 12-20 տարի ազատազրկում։

Հիմնաւորման մէջ, ընդդիմադիր խմբակցութեան ներկայացուցիչները մասնաւորապէս նշած են․ – «2020 թուականի Սեպտեմբեր 27-ից սկսած՝ Ատրպէյճանի կողմից Թուրքիայի ռազմաքաղաքական աջակցութեամբ Արցախի Հանրապետութեան նկատմամբ սանձազերծուած լայնածաւալ ռազմական յարձակումի արդիւնքում ի յայտ եկան պետական դաւաճանութեան կամ լրտեսութեան դէպքեր՝ ի ցոյց դնելով իրաւական կարգաւորումներում առկայ բացերը: Վերոնշեալ դէպքերը ցոյց են տալիս, որ ներկայիս կարգաւորումները չեն կանխարգելում պետական դաւաճանութեան կամ լրտեսութեան իրականացումը, այդ իսկ պատճառով անհրաժեշտութիւն է առաջանում որպէս կանխարգելող գործօն սահմանել ՀՀ քրէական օրէնսգրքով սահմանուած խիստ պատժի չափը՝ քսան տարի ազատազրկում կամ ցմահ ազատազրկում»:

ԲՀԿ-ականները կ’ակնկալեն, որ նախագիծի ընդունմամբ, Հայաստանի անվտանգութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը վտանգի ենթարկող շարք մը յանցագործութիւններու պարագային նախատեսուին առաւել խիստ եւ համաչափ պատիժներ, ստեղծելով անհրաժեշտ նախադրեալներ նման ծանրագոյն վնաս հասցնող դէպքերը կանխելու եւ զգօնութիւնը բարձրացնելու համար։

Նշենք, որ գործող օրէնքները պետական դաւաճանութեան համար սահմանած են 10-էն15 տարի ազատազրկում՝ գոյքի բռնագրաւմամբ կամ առանց անոր, իսկ լրտեսութեան համար 8-էն 15 տարուայ ազատազրկում։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment