Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Արայիկ Յարութիւնեան Արցախի ԱԺ Խմբակցութիւններու Անդամներուն Հետ Քննարկած Է Պատերազմի Հետեւանքով Ստեղծուած Իրավիճակը

Արայիկ Յարութիւնեան Արցախի ԱԺ Խմբակցութիւններու Անդամներուն Հետ Քննարկած Է Պատերազմի Հետեւանքով Ստեղծուած Իրավիճակը

by MassisPost

Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան, Փետրուար 3-ին ընդունած է Արցախի Ազգային ժողովի «Ազատ հայրենիք ՔՄԴ», «Արդարութիւն» եւ «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութիւններու անդամները։

Ըստ Արցախի նախագահի գրասենեակին, քննարկուած է պատերազմի հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակին, արտաքին ու ներքին քաղաքականութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ:

Յարութիւնեան շեշտած է, որ երկրի համար այս բարդ շրջանին, երբ ներքին ու արտաքին քաղաքական օրակարգի առաջնահերթութիւնները կը հանդիսանան Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովումը, մարդասիրական ճգնաժամի յաղթահարումն ու կենսագործունէութեան համար կայուն եւ բարենպաստ միջավայրի ստեղծումը, աւելի քան երբեւէ կարեւոր է Արցախի բոլոր քաղաքական ուժերու կողմէն համախմբուածութեան ու համագործակցութեան ուղղուած քաղաքական կամքի դրսեւորումը։

Արցախի նախագահի խօսքով՝ անհրաժեշտ է միասնական ջանքերով դիմակայել առկայ մարտահրաւէրները, օգտագործելով բոլորի ներուժը՝ այդ առումով շեշտադրելով գործադիր իշխանութեան ու անձամբ իր՝ արդիւնաւէտ համագործակցութեան պատրաստակամութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment