Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կառավարութիւնը 750 Միլիոն Տոլարի Պարտատոմսեր Թողարկած է

Կառավարութիւնը 750 Միլիոն Տոլարի Պարտատոմսեր Թողարկած է

by MassisPost

Կառավարութիւնը 750 միլիոն տոլարի պարտատոմսեր՝ «եւրոպոնտ» թողարկած է միջազգային ֆինանսական շուկայ՝ Հայաստանի համար աննախադէպ ցած՝ 3,8 տոկոս տոկոսադրոյքով, այսօր՝ Փետրուար 4-ի կառավարութեան նիստը բանալով՝ յայտարարեց վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան։

Այն, որ օտարերկրեայ ներդրողներու շրջանակին մէջ հայաստանեան պետական պարտատոմսերու նկատմամբ պահանջարկը մօտ 4 անգամ աւելին եղած է, քան առաջարկած է Հաայստանի կառավարութիւնը (ըստ վարչապետին, շուկան պատրաստ եղած է Հայաստանի կառավարութեան շուրջ 3 միլիառ տոլար պարտք տալ՝ գնելով պարտատոմսերը), եւ այն, որ 1991 թուականի անկախութենէն ի վեր արդէն չորրորդ անգամ թողարկուող պարտատոմսերու տոկոսադրոյքը այս անգամ ամենացածն է (օրինակ, նախորդ անգամ՝ 2019-ին պարտատոմսերը թողարկուած են 4,2 տոկոս տոկոսադրոյքով, այսինքն՝ երկու տարի առաջ Հայաստանի կառավարութիւնը աւելի բարձր տոկոսադրոյքով պարտք վերցուցած է), այս ամէնը, Փաշինեանի կարծիքով, կը վկայէ, որ արտերկրի ներդրողները վստահութիւն կը տածեն Հայաստանի տնտեսական ապագայի եւ կառավարութեան կողմէ վարուող քաղաքականութեան նկատմամբ։

«Եւ սա, ի հարկէ, շատ կարեւոր ազդակ է մեր տնտեսութեան համար։ Առաջինը, սրանով մաքրոտնտեսական կայունութեան երաշխիք է ձեւաւորուել։ Երկրորդը, ըստ էութեան, կարող ենք ասել, որ յետպատերազմեան տնտեսական ցնցումի յաղթահարման առաջին լրջագոյն ազդակն է», – նշեց Փաշինեան։

Վարչապետը ընդգծեց, որ պարտատոմսերու այս թողարկումը արտահերթ չէր, նախատեսուած էր 2021 թուականի պետական պիւտճէով, որպէս պետական պիւտճէի բացը՝ պակասուրդը ֆինանսաւորելու գործիք։

2020 թուականի Դեկտեմբերի վերջի դրութեամբ, Հայաստանի պետական պարտքը կը կազմէր 7 միլիառ 968,5 միլիոն տոլար, մէկ տարուայ ընթացքին այդ պարտքը աւելցած է 647,2 միլիոն տոլարով։ Նոյն 2021 թուականի պետական պիւտճէի կանխատեսմամբ, այս տարուայ վերջին, Հայաստանի պետական պարտքը կը կազմէ 9 միլիառ 35 միլիոն տոլար։

Գործադիրի նիստէն յետոյ լրագրողներու հետ հարց ու պատասխանի ժամանակ Ելեւմուտքի նախարար Ատոմ Ջանջուղազեան ըսաւ, որ այս տարի ՀՆԱ-ի կանխատեսուած 3,2 տոկոս աճի պարագային, տարեվերջին Հայաստանի պետական պարտքը կը կազմէ ՀՆԱ-ի մօտ 70 տոկոսը։

«Ազատութիւն»ի հարցին, թէ արդեօք նման մակարդակը մտահոգիչ չէ, Ջանջուղազեան արձագանգեց․ – «Տարօրինակ կը լինի, եթէ պետական պարտքի կառավարման գործառոյթն իրականացնող մարմինը մտահոգուած չլինի։ Բնականաբար, մենք վտանգների կառավարման մեր ունեցած էսօրուայ գիտելիքի շրջանակում մշտապէս դիտարկումի ենք ենթարկում պարտքի զարգացումները»։

Նախարարը յիշեցուց, որ կան երկիրներ, ուր պետական պարտքը կը կազմէ ՀՆԱ-ի ինիսուն, հարիւր եւ աւելի տոկոսը, այսինքն՝ տուեալ երկրի պետական պարտքը աւելի մեծ է, քան ողջ տնտեսութիւնը․ – «Բայց որպէս կանոն, զարգացող երկրների համար 70-ից բարձր պարտք – ՀՆԱ յարաբերակցութիւնը, այն դէպքում, երբ որ յստակ չի դէպի յետ վերադարձի սենարը, թէ ինչպէս է կառավարութիւնը կամ իշխանութիւնը նախատեսում պարտքը վերադարձնել աւելի կառավարելի միջակայք, համարուում է բարձր կամ առնուազն միջին վտանգ ունեցող։ 70-ից բարձրի մասին է խօսքը։ Բայց էստեղ շատ կարեւոր է՝ եթէ բացակայում է էդ երկրորդ մասը՝ թէ ինչպէս է իշխանութիւնը նախատեսում վերադառնալ կառավարելի միջակայք»։

Պէտք է ջանք գործադրել, որպէսզի վերադառնալ այդ միջակայք, եւ պէտք է նախ եւ առաջ մտածել ոչ թէ պարտքը բացարձակ թիւով նուազեցնելու մասին, այլ ՀՆԱ-ի աւելի արագ աճելու մասին՝ եզրափակեց Ջանջուղազեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment