Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ոստիկանները Բերման Ենթարկեցին Ազգային Ժողովի Մօտ Բողոքի Հաւաք Ընող Ընդդիմադիրները

Ոստիկանները Բերման Ենթարկեցին Ազգային Ժողովի Մօտ Բողոքի Հաւաք Ընող Ընդդիմադիրները

by MassisPost

Վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող «Հայրենիքի փրկութեան շարժումը» տեւական դադարէն յետոյ կը վերսկսի անհնազանդութեան գործողութիւնները: Ցուցարարները այսօր՝ Փետրուար 3-ի առաւօտեան Ազգային ժողովի շէնքի մօտ հաւաքուած էին, եկած էին իշխող «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներու լուսանկարներով ու դաւաճան գրառումներով. «Չենք ուզում Ազգային ժողովում օրէնք ընդունի մի պատգամաւոր, ով չի տիրապետում հայաստանեան իրավիճակին, եւ նա հայ կոչուելու իրաւունք չունի»:

Բողոքի հաւաքը հարթ չանցաւ. իրավիճակը լարուեցաւ, երբ ցուցարարները քանի մը րոպէով փակեցին Բաղրամեան պողոտան։ Ոստիկանական ջոկատները արագ բացին ճանապարհը, որմէ յետոյ սկսան բերման ենթարկել ցուցարարները, ոստիկաններուն ու անոնց միջեւ քաշքշուկ սկսաւ:

Ցուցարարները երթով ուղղուեցան դէպի Հանրապետութեան հրապարակ։ Կարճ կանգ առին ոստիկանական հոծ շարքերով շրջափակուած Նիկոլ Փաշինեանի նստավայրի՝ կառավարութեան մօտ։ Ապա շարունակեցին երթն ու հաւաքուեցան մօտ երկու ամիս հրապարակ տեղակայուած իրենց վրանին մօտ։

«Նիկո՛լ, հեռացիր, Նիկո՛լ հեռացիր», – կը վանկարկէին անոնք:

«Հայրենիքի փրկութեան շարժումը» Փաշինեանի կառավարութեան դէմ պայքարը պիտի վերսկսի ամբողջ թափով, ամենօրեայ ռեժիմով պիտի ըլլան անհնազանդութեան գործողութիւններն ու հաւաքները: Շարժման առաջնորդներու երէկուայ հանդիպման ընթացքին այս օրակարգը յստակացած է, կը վստահեցնէ շարժման համակարգող, «Դաշնակցութեան» Գերագոյն մարմնի անդամ՝ Իշխան Սաղաթէլեան, որ երէկ ներկայ եղած է այդ հանդիպման: Մասնակցած են նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար՝ Գագիկ Ծառուկեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեան եւ վարչապետի թեկնածու՝ Վազգէն Մանուկեան։

«Լինելու են անհնազանդութեան բողոքի հաւաքներ, երթեր, ցոյցեր, հանրահաւաքներ, որպէսզի համաժողովրդական ճնշման տակ հեռացնենք այս չարիքի կառավարութիւնը», – ըսաւ Սաղաթէլեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment