Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ղարաբաղի Հարցը ԱՄՆ-Թուրքիա Երկխօսութեան Օրակարգին Վրայ

Ղարաբաղի Հարցը ԱՄՆ-Թուրքիա Երկխօսութեան Օրակարգին Վրայ

by MassisPost

Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական՝ Ճէյք Սալիվան եւ Թուրքիոյ նախագահի խորհրդական, մամլոյ քարտուղար՝ Իպրահիմ Քալըն երեքշաբթի՝ Փետրուար 3-ին, հեռախօսազրոյց ունեցած են, քննարկելով երկկողմանի յարաբերութիւնները, տարածաշրջանային խնդիրները, անոնց կարգին` Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերող հարցեր:

Ղարաբաղեան թեմայի քննարկման մանրամասնութիւնները յայտնի չեն, թրքական լրատուամիջոցները միայն կը յիշատակեն, որ զրուցակիցները անդրադարձած են Ղարաբաղի խնդրին։

ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտընի երդմնակալութենէն յետոյ ասիկա անվտանգութեան հարցերով խորհրդականներու միջեւ առաջին հեռախօսազրոյցն է։

«Տէյլի Սապահի» հաղորդմամբ` անոնք մտքեր փոխանակած են նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներու շուրջ` Սուրիոյ, Լիպիոյ, Աֆղանիստանի հակամարտութիւններ, Կիպրոսի հարց ու Լեռնային Ղարաբաղ։ Քննարկուած են նաեւ քրտական ուժերուն ԱՄՆ-ի աջակցութեան հետ կապուած խնդիրները։

Սուրիոյ ու Լիպիոյ վերաբերեալ անոնք ընդգծած են քաղաքական լուծման եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ պայքարի կարեւորութիւնը։ Յոյս յայտնած են, որ Թուրքիոյ ու Յունաստանի միջեւ նախնական բանակցութիւնները կը յանգեցնեն խաղաղութեան եւ կայունութեան արեւելեան Միջերկրականին մէջ։

ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ ամենակնճռոտ խնդիրը Անգարայի կողմէ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան S-400 (C-400) հրթիռային համակարգեր ձեռք բերելն է։ Սպիտակ տան հաղորդագրութեան համաձայն՝ քննարկումներու զգալի մասը նուիրուած եղած է այդ հարցին։ Ճէյք Սալիվան ընդգծած է Պայտընի վարչակազմի ձգտումները՝ կառուցողական յարաբերութիւններ կառուցել ԱՄՆ-ի եւ Թուրքիոյ միջեւ` միեւնոյն ժամանակ շօշափելով նաեւ տարաձայնութիւններու այդ ոլորտը։

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի մամլոյ խօսնակ՝ Էմիլի Հորնի հաղորդմամբ՝ Սալիվան ըսած է, որ ԱՄՆ-ի վարչակազմը մտադիր է ՆԱԹՕ-ի միջոցով ամրապնդել անդրատլանտեան անվտանգութիւնը եւ մտահոգութիւն յայտնել, որ Թուրքիոյ կողմէն ռուսական S-400 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ձեռքբերումը կը խարխլէ դաշինքի միասնականութիւնն ու ազդեցիկութիւնը։

Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակի հաղորդագրութեան համաձայն` Սալիվան ու Քալըն համաձայնած են աշխուժացնել ջանքերը՝ լուծելու S-400 համակարգերու հետ կապուած խնդիրները։ Ըստ թրքական կողմի հաղորդագրութիւններուն՝ անոնք նաեւ արտայայտած են իրենց յանձնառութիւնը` բարելաւելու ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւնները, որպէս ՆԱԹՕ-ի երկու դաշնակիցներ։

2019-ին ՆԱԹՕ-ի երկու դաշնակիցներու միջեւ յարաբերութիւնները վատթարացած են, երբ Թուրքիան ձեռք բերաւ ռուսական համակարգերը, ի պատասխան Ուաշինկթըն չեղեալ համարեց F-35 գերժամանակակից հալածիչ օդանաւերու ծրագիրը Թուրքիոյ հետ։ ԱՄՆ-ը եւ ՆԱԹՕ-ն կը պնդէին, որ ռուսական հրթիռները սպառնալիք են Հիւսիսատլանտեան դաշինքի համար, այդ համակարգերը ընդունակ են վերահսկել օդային տարածքը, հետեւիլ օդանաւերուն, կարդալ F-35 ռազմական օդանաւերու  թեքնիք գաղտնիքները, իսկ Անգարան կը հաւաստիացնէր, որ S-400 համակարգերը չեն միանար, չեն համապատսխաներ ՆԱԹՕ-ի պաշտպանական համակարգին։

Ամերիկայի նոր վարչակազմի հետ առաջին շփումներուն, Սալիվան-Քալըն առաջին հեռախօսազրոյցի մասին Թուրքիոյ նախագահի գրասենեակի գրաւոր յայտարարութեան մէջ նաեւ նշուած է, որ անոնք անհրաժեշտ համարած են երկու երկիրներու միջեւ կապերու ամրապնդումը, իւրաքանչիւր խնդրի վերաբերեալ սերտ շփումներու պահպանումը, երկխօսութեան խողովակներու արդիւնաւէտ օգտագործումն առաջիկայ ժամանակահատուածին կառուցողական համագործակցութեան համար։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment