Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ազգային Ժողովը Ընդունեց Դատաւորներու Թիւը Աւելցնելու Օրինագիծը

Ազգային Ժողովը Ընդունեց Դատաւորներու Թիւը Աւելցնելու Օրինագիծը

by MassisPost

Ազգային ժողովը 83 կողմ, 17 դէմ եւ 1 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ առաջին ընթերցմամբ ընդունեց Դատական օրէնսգրքի մէջ փոփոխութիւններ կատարելու վերաբերեալ Կառավարութեան ներկայացուցած օրինագիծը։

Կառավարութիւնը առաջարկած է դատաւորներու թիւը աւելցնել առնուազն 17-ով, որոնք կը զբաղին միայն կալանքի եւ խուզարկութեան միջնորդութիւնները քննելով։

Արդարադատութեան նախարար Ռուստամ Պատասեան համոզուած է, որ մասնագիտացուած դատաւորներ աւելցնելով համակարգը կը բեռնաթափուի եւ կը կրճատուին քրէական գործերու քննութիւններու ժամկէտները․ – «Խօսք չի կարող լինել գործադիրի կողմից ցանկալի դատաւորներ ունենալու մասին։ Բայց խօսք կարող է լինել միանշանակ, օրինակ, նախկին իշխանութիւնների քորուփցիայի շրջանակների հետ կապ ունեցող մարդկանցից․․․ առնուազն այս փուլում իրենց ազդեցութիւնը չունենալ դատական համակարգում»։

Դատական օրէնսգրքի մէջ փոփոխութիւններ ու լրացումներ կատարելու մասին նախագիծը ազգային ժողովը երկրորդ ընթերցմամբ՝ ամբողջութեամբ՝ 83 կողմ, 24 դէմ եւ 1 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ ընդունեց։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment