Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Լեւոն Արոնեան կը Մտադրէ Լքել Հայաստանը

Լեւոն Արոնեան կը Մտադրէ Լքել Հայաստանը

by MassisPost

Լեւոն Արոնեան առաջիկային հանդէս կու գայ յայտարարութեամբ: Այս մասին NEWS.am Sport-ին յայտնեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի փոխ նախագահ՝ Սմբատ Լպուտեան:

Ընկերային ցանցերով շրջանառուած են լուրեր, թէ Հայաստանի ճատրակի առաջատարը ունի մարզական քաղաքացիութիւնը փոխելու մտադրութիւն:

Ըստ չհաստատուած լուրերուն, Լեւոն Արոնեան հրաժարած է հանդէս գալէ ՀՀ դրօշի ներքոյ եւ կը պատրաստուի փոխադրուիլ մշտական բնակութեան ԱՄՆ եւ ներկայացնել այդ երկիրը։

Տեղեկութիւնը համացանցի տարածք յայնտուելուն պէս, դժգոհութիւններու մեծ ալիք բարձրացուց: Լեւոն Արոնեանի այս «հնարաւոր մտադրութիւնը» սուր քննադատութիւններու արժանացաւ Facebook-ի հայ օգտատէրերու շրջանակէն ներս:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment