Home ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ԱՄՆ-ի Ս.Դ.Հնչակեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեանց Հանդիպում

ԱՄՆ-ի Ս.Դ.Հնչակեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեանց Հանդիպում

by MassisPost

Անցեալ Ուրբաթ ՝ Յունուար 29, 2021, Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի Ս.Դ. Հնչակեան Կուսակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ կայացաւ  տեսակապով հանդիպում մը, որ կը կրէր խորհրդակցական բնոյթ՝ այժմէական հարցերու շուրջ:

Սոյն հանդիպման Ս.Դ.Հ.Կ.ի կողմէ կը մասնակցէին՝ Վազգէն Խոտանեան Ատենապետ,Գաբրիէլ Մոլոյեան եւ Միհրան Խաչատուրեան: ՌԱԿ-ի կողմէ՝ Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան (Ատենապետ)Գէորգ Գրիգորեան եւ Կարօ Գիւբէլեան:

Այս առթիւ խորհրդածութիւններու նիւթ դարձան անցնող տարուան հայրենիքի եւ սփիւռքի ծանր պայմանները, որոնց գագաթնակէտը եղաւ 44 օրուան Արցախեան պատերազմի պատուհասը:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ հայրենիքի ներքին իրադարձութիւններուն, Լիբանանահայութեան իրավիճակին եւ Գորոնա համավարակի հետեւանքով ստեղծուած ճգնաժամային։

Յատուկ ուշադրութեան նիւթ դարձան նաեւ հարաւային Գալիֆորնիոյ հայ գաղութի դիմակալած դժուարութիւնները ու քննարկուեցան «Հայաստան» Համահայկական հիմնադրամին առնջուող հարցերը ու Հայ Ամերիկեան թանգարանի ծրագրային աշխատանքները:

Ժողովականները ուշադրութեամբ անդրադարձան նաեւ մեր ներկայ իրականութեան՝ հայկական քաղաքական եւ եկեղեցական տարբեր կազմակերպութիւններու ներքին իրավիճակին եւ որդեգրած կեցուածքներուն մասին:

Հանդիպման աւարտին համաձայնութիւն գոյացաւ առաւել եւս ամրապնդել միջ- կուսակցական համագործակցութիւնը՝ տեղական մակարդակներու վրայ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment