Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Պաշտպանութեան Նախարարը կը Շեշտէ Հայ-Ռուսական Ռազմական Համագործակցութեան Խորացման Անհրաժեշտութիւնը

Պաշտպանութեան Նախարարը կը Շեշտէ Հայ-Ռուսական Ռազմական Համագործակցութեան Խորացման Անհրաժեշտութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար՝ Վաղարշակ Յարութիւնեան Յունուար 26-ին Ռուսաստանի զինուած ուժերու օդատիեզերական ուժերու ԳՀ Հակաօդային պաշտպանութեան (ՀՕՊ) ղեկավարութեան ուղեկցութեամբ՝ այցելած է ՀՀ զինուած ուժերու հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներէն մէկը:

Յարութիւնեան այցելած է Զինուած Ուժերու Հակաօդային Պաշտպանութեան եւ օդուժի միաւորուած հրամանատարական կէտ, ուրկէ ՀՀ ԶՈՒ հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու եւ ՌԴ 102-րդ ռազմակայանի ՀՕՊ ուժերու համատեղ ջանքերով կ’իրագործուի Հայաստանի օդային սահմաններու պահպանութեան մարտական հերթապահութիւն։ Պաշտպանութեան նախարարին զեկուցուած է, որ շուրջօրեայ հերթապահութիւնը կ’ընթանայ բնականոն հունով եւ օդային սահմաններու խախտման դէպքեր չեն արձանագրուած։

Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան հաղորդմամբ՝ Վաղարշակ Յարութիւնեան կարեւորած է հայ-ռուսական ռազմական համագործակցութեան խորացման անհրաժեշտութիւնը, անոր կարգին հակաօդային պաշտպանութեան ոլորտը եւ որպէս փոխգործակցութեան լաւագոյն օրինակներէն մէկը, նշած է միասնական ուժերով Հայաստանի օդային սահմաններու պաշտպանութիւնը։

ՀՀ ԶՈՒ հակաօդային պաշտպանութեան զօրքերու պետական վարչութեան պետ, զօրավար՝ Արմէն Վարդանեան եւ հրամանատարական կազմը պաշտպանութեան նախարարին ներկայացուցած են համատեղ աշխատանքներու ընթացքը եւ առաջիկայ ընելիքները։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment