Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ատրպէյճանական Արբանեակները Կարեւոր Դեր Խաղցան Ղարաբաղեան Պատերազմին Մէջ, կը Շեշտէ Ալիեւ

Ատրպէյճանական Արբանեակները Կարեւոր Դեր Խաղցան Ղարաբաղեան Պատերազմին Մէջ, կը Շեշտէ Ալիեւ

by MassisPost

«Ատրպէյճանական արբանեակները կարեւոր դեր խաղցան Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի ընթացքին», – նախօրէին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ՝ Իլհամ Ալիեւ փոխադրական, կապի եւ բարձր արհեստագիտութիւններու նորանշանակ նախարար՝ Ռաշատ Նապիեւի հետ հեռավար հանդիպման ժամանակ։

«Երբ մենք արբանեակներ ուղեծիր կ’ուղարկէինք, ոմանք կը հարցնէին, թէ ինչերնո՞ւս պէտք է։ Կեանքը ցոյց տուաւ, որ այդ շատ անհրաժեշտ էր։ Արբանեակներու կիրառումը թէ՛ պատերազմի ընթացքին եւ թէ՛ անկէ յետոյ ահռելի առաւելութիւն տուաւ մեզի», – ըսած  է Ալիեւ։

«Օնլայն ձեւաչափով թշնամիի տեղաշարժի դիտարկումը մեզի յաւելեալ առաւելութիւն տուաւ։ Պատահական չէ, որ ռազմական փորձագէտները Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած գործողութիւնները 21-րդ դարու պատերազմ անուանեցին», – յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը։

Յիշեցնենք, որ ատրպէյճանական առաջին արբանեակը տիեզերք արձակուած է 2013 թուականի փետրուարին։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment