Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Ապստամբելու Մասին Վազգէն Մանուկեանի Յայտարարութիւններու Տեսանիւթը Ուղարկուած Է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն

Ապստամբելու Մասին Վազգէն Մանուկեանի Յայտարարութիւններու Տեսանիւթը Ուղարկուած Է Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն

by MassisPost

«Եթէ սահմանադրական ճանապարհը արդիւնքի չբերի, պէտք է ապստամբութիւն անել։ Ու դա ժողովրդի բնական իրաւունքն է», – երէկ Արարատի մէջ յայտարարած էր Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի թեկնածուն։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող Հայրենիքի փրկութեան շարժման վարչապետի թեկնածու՝ Վազգէն Մանուկեանի ապստամբութեան եւ շէնքեր գրաւելու մասին երէկ ըրած յայտարարութիւնը կ’ուսումնասիրուի, այսօր՝ Յոււնուար 27-ին, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց փոխ ոստիկանապետ՝ Արա Ֆիտանեան։

«Որեւէ տեղեկութիւն չեմ կարող յայտնել։ Այս պահին ուսումնասիրութիւնների փուլում ենք գտնուում», – աւելցուց Ֆիտանեան։

Հարցին, թէ արդեօք Վազգէն Մանուկեան կը հրաւիրուի ոստիկանութիւն, Ֆիտանեան պատասխանեց, թէ կը հրաւիրուի, եթէ ըլլայ անոր անհրաժեշտութիւնը․ – «Անհրաժեշտ բոլոր գործողութիւնները մեր կողմից, վստահեցնում եմ, որ կը կատարուեն»։

Ոստիկանապետի տեղակալը այժմ չի կրնար ըսել, թէ արդեօք Մանուկեանի յայտարարութիւնը յանցաւոր տարրեր կը պարունակէ թէ ոչ։ Իսկ եթէ հետագային տեղի ունենան ապստամբութեան, կառավարական շէնքեր գրաւելու բուն կոչեր՝ ոստիկանութիւնը կու տայ անոր քրէաիրաւական գնահատականը։

Գլխաւոր դատախազութիւնը Վազգէն Մանուկեանի յայտարարութիւններու տեսանիւթը ուղարկած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն՝ հանգամանքները ստուգելու համար։

Կապուեցանք Վազգէն Մանուկեանի խօսնակի հետ, ան հաղորդեց, որ Մանուկեան նպատակայարմար չի գտներ արձագանգել իրաւապահներու գործողութիւններուն։

Վազգէն Մանուկեանի աջակիցները յատուկ նշանակութեան կառոյց մտած էին մօտ 25 տարի առաջ՝ վիճայարոյց նախագահական ընտրութիւններէն յետոյ։ 1996-ի սեպտեմբերին ընդդիմութեան առաջնորդ, նախագահական ընտրութիւններու պաշտօնական տուեալներով պարտուած Մանուկեանին սատարողները հանրաւահաքներ ըրած էին՝ յայտարարելով, որ ընտրութիւններու արդիւնքները կեղծուած են։ Հանրահաւաքներէն մէկէն յետոյ հազարաւոր ցուցարարներ Վազգէն Մանուկեանի գլխաւորութեամբ ուղղուած էին դէպի Ազգային ժողով, ուր այն ժամանակ կը գտնուէր Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը։ Մանուկեան մտած էր շէնք, որմէ որոշ ժամանակ անց անոր աջակիցները ներխուժած էին շէնք եւ անկարգութիւններ եղած էին։

Հայաստանի մէջ զինուած ապստամբութեան փորձ եղած է 2016 թուականին. «Սասնայ ծռերը» գրաւած էին ՊՊԾ (Պետական Պահպանութեան Ծառայութեան)   գունդը եւ ոստիկաններ պատանդ վերցուցած։ Այս իրադարձութիւններու հետեւանքով 3 ոստիկան զոհուած էր։ Անոնք իրենց գործողութիւնները արդարացուցած ժամանակ պնդած էին, թէ օգտուած են իշխանութեան դէմ ապստամբելու իրաւունքէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment