Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Էնթընի Պլինքըն. «Լուծումը Պէտք Է Երաշխաւորէ ԼՂ Անվտանգութիւնը Եւ Բացառէ Նոր Պատերազմի Բռնկումը»

Էնթընի Պլինքըն. «Լուծումը Պէտք Է Երաշխաւորէ ԼՂ Անվտանգութիւնը Եւ Բացառէ Նոր Պատերազմի Բռնկումը»

by MassisPost

ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտընի կողմէն Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի պաշտօնին առաջադրուած Էնթընի Պլինքըն երեք օր առաջ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին տեղի ունեցած լսումներէն յետոյ նաեւ գրաւոր վերահաստատած է դիրքորոշումը նոր վարչակազմի օրօք հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու վերաբերեալ:

Բանաւոր լսումներու ընթացքին, Պլինքընին հարցեր ուղղած էր Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի ղեկավար՝ Պապ Մենենտեսը, որ դատապարտած էր Ատրպէյճանի յարձակումը Ղարաբաղի վրայ եւ Թուրքիոյ սադրիչ գործողութիւնները այդ պատերազմին:

Բանաւոր լսումներէն յետոյ Մենենտեսին ներկայացուցած գրաւոր պատասխաններով Պլինքըն վերահաստատած է ժողովրդավարական կառավարումը եւ տնտեսական աճը խթանելու նպատակով Հայաստանին անվտանգութեան աջակցութիւն եւ օգնութիւն տրամադրելու կարեւորութիւնը, քանի որ ժողովրդավարութիւնը եւ տնտեսութեան աճը կը նպաստեն երկրի դիմացկունութեան:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան վերջին պատերազմին` ԱՄՆ արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարի թեկնածուն գրած է, որ նոր վարչակազմը կը վերանայի անվտանգութեան ասպարէզէն ներս Ատրպէյճանին տրամադրուող օգնութիւնը: Պլինքընի հաղորդմամբ, հարկ եղած պարագային նոր կառավարութիւնը պատրաստ պիտի ըլլայ վերականգնել յայտնի 907 բանաձեւը:

Պետական քարտուղարի թեկնածուն գրաւոր պատասխաններով նաեւ նշած է, որ «Քոնկրեսի եւ պաշտպանութեան նախարարի հետ համագործակցելով` նոր կառավարութիւնը կը յստակացնէ Հայաստանի ու տարածաշրջանի կարիքները անվտանգութեան բնագավառէն ներս»:

Էնթընի Պլինքըն հաւաստիացուցած է, որ ինք նոր լիցք կը հաղորդէ Ղարաբաղի խնդրի յարատեւ կարգաւորում գտնելու ԱՄՆ-ի ջանքերուն, նշելով, որ լուծումը պէտք է երաշխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի անվտանգութիւնը եւ բացառէ նոր պատերազմի բռնկումը:

Այդ նպատակով, ըստ պետական քարտուղարի թեկնածու Պլինքընի, «Միացեալ Նահանգները պէտք է աշխուժացնէ ներգրաւուածութիւնը որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահող երկիր եւ լրացուցիչ դիւանագիտական աշխատանք կատարէ՝ կասեցնելու համար երրորդ կողմերու հնարաւոր միջամտութիւնները»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment