Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետի ու Արցախի Նախագահի Գլխաւորութեամբ Կայացած է ԱԽ Խորհրդակցութիւն

Վարչապետի ու Արցախի Նախագահի Գլխաւորութեամբ Կայացած է ԱԽ Խորհրդակցութիւն

by MassisPost

Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ այսօր՝ Յունուար 22-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած կազմով խորհրդակցութիւն։

44-օրեայ պատերազմէն յետոյ ասիկա Արցախի ղեկավարի երկրորդ մասնակցութիւնն է Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի աշխատանքներուն` չնայած Ատրպէյճանի նախագահի ու արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակային դժգոհութեան պաշտօնական Երեւանի ու Ստեփանակերտի միջեւ կապերու առնչութեամբ։

«Առաջիկայում նման խորհրդակցութիւններ աւելի յաճախ պէտք է ընենք, որպէսզի մեր գործողութիւնները լինեն համադրուած», – ըստ կառավարութեան հաղորդագրութեան, ըսած է վարչապետ Փաշինեան՝ կարեւորելով խորհրդակցութեան Արցախի նախագահի մասնակցութիւնը՝ տեղեկատւութեան փոխանակման, մարտավարական եւ ռազմավարական առումով հետագայ ընելիքներու ծրագրման շրջածիրէն ներս:

Արցախի նախագահի լրատուական ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, Արայիկ Յարութիւնեան ողջունած է Հայաստանի կողմէն նման ձեւաչափով խորհրդակցութիւնները աւելի յաճախ ընելու նախաձեռնութիւնը՝ նշելով, որ «յետպատերազմեան ժամանակաշրջանի անվտանգային ու ընկերա-տնտեսական խնդիրների արագ յաղթահարման, մարտավարական եւ ռազմավարական առումով հետագայ անելիքների ծրագրման համաթեքսթում դրանք առանցքային նշանակութիւն ունեն»:

Ի դէպ, ո՛չ այս տարուայ Յունուարի 3-ին կայացած Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստին, ո՛չ ալ այսօրուայ խորհրդակցութեան ներկայ չէր անցեալ տարուայ դեկտեմբերին Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար նշանակուած Վիթալի Բալասանեան՝ չնայած Բալասանեանի նշանակումէն երկու շաբաթ ետք նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան խօսած էր Արցախի Անվտանգութեան խորհուրդի կարեւորութեան աճի մասին՝ օրինակ, խոստանալով, որ Արցախի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան առնչուող նախագահի բոլոր հրամանագիրներն ու կառավարութեան որոշումները պիտի ընդունուին բացառապէս Անվտանգութեան խորհուրդի դրական եզրակացութեամբ։

«Ազատութիւն»ի հարցումին ի պատասխան՝ Ֆինանսներու նախարարութենէն այսօր յայտնեցին, որ ինչպէս 1994 թուականէն ի վեր, այս տարի եւս Հայաստանի կառավարութիւնը Արցախի կառավարութեան պիտի յատկացնէ միջպետական վարկ. 2021-ին պիտի տրամադրուի 64,7 միլիառ դրամ, իսկ 2020-ին յատկացուցած է 70 միլիառ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment