Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վերակառուցման եւ Զարգացման Եւրոպական Դրամատունը կը Յայտնէ, Որ 2020-ին Մրցանշային Ծաւալի Ներդրումներ Կատարուած են Հայաստանի Մէջ

Վերակառուցման եւ Զարգացման Եւրոպական Դրամատունը կը Յայտնէ, Որ 2020-ին Մրցանշային Ծաւալի Ներդրումներ Կատարուած են Հայաստանի Մէջ

by MassisPost

Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատունը (ՎԶԵԴ) կը յայտարարէ, որ 2020-ին Հայաստանի մէջ արձագանգելով Covid-19 համաճարակին` կատարած է 167 միլիոն եւրօ գումարի մրցանշային ներդրումներ։

Ըստ դրամատան հաղորդագրութեան, ներդրումները կատարուած են ուժանիւթի, դրամատնային եւ փոխադրային ծրագիրներու իրագործման համար, ինչպէս նաեւ առեւտուրի ֆինանսաւորման աջակցութեան միջոցով։

ՎԶԵԴ-ն ընդգծած է, որ օգնած է հոգալու երկրի տնտեսութեան անմիջական եւ երկարաժամկէտ կարիքները:

«Վերականգնման օժանդակելը մեր առաջնահերթ նպատակն է 2021 թուականին։ Մենք սերտօրէն կը համագործակցինք Հայաստանի  Եւրոպական միութեան (ԵՄ) հետ եւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք ԵՄ-ի մեր գործընկերներուն այս կարեւոր ռազմավարական համագործակցութեան համար ինչպէս պետական, այնպէս ալ մասնաւոր հատուածի ծրագիրներու շրջածիրէն ներս», – ըսած է ՎԶԵԴ-ի երեւանեան ներկայացուցչութեան ղեկավար՝ Տիմիթրի Կուինտաձեն:

Ըստ հաղորդագրութեան, մասնաւոր հատուածի ուղղուած աջակցութիւնը 2020 թուականին կազմած է Հայաստանի ՎԶԵԴ-ի ընդհանուր ներդրումներու աւելի քան 90 տոկոսը:

«Նորարարական ծրագրի ծիրէն ներս ՎԶԵԴ ֆինանսաւորած է Հայաստանի եւ Կովկասի մէջ արդիւնաբերական մաշտապի 55 մեկաուաթ հզօրութեամբ առաջին արեւային ելեկտրակայանը։ Ծրագիրը կ’օգնէ մեծցնելու Հայաստանի մաքուր ուժանիւթի պաշարը եւ նուազեցնելու երկրի կախուածութիւնը ներմուծուող վառելիքներէն:

Օժանդակելով առեւտուրի կենսական հոսքերու պահպանման՝ ՎԶԵԴ Հայաստանի մէջ նոր մրցանշային աջակցութիւն ցուցաբերած է առեւտուրի ֆինանսաւորման գործարքներուն՝ շուրջ 70 միլիոն եւրօ գումարով Առեւտուրի խթանման ծրագրի ծիրէն ներս, ուր ներգրաւուած են ութ տեղական գործընկեր դրամատուներ։ ՎԶԵԴ ա՛լ աւելի ընդլայնած է իր աջակցութիւնը փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն (ՓՄՁ)՝ վարկեր տրամադրելով առեւտրային դրամատուներուն ձեռնարկատիրութեան հետագայ վարկաւորման համար: Ասիկա կը ներառէ «Կանայք ձեռնարկութիւններու մէջ» վարկային գիծերը:

Ենթակառուցուածքներու ոլորտէն ներս, Դրամատունը ֆինանսաւորած է Մեղրի քաղաքի մերձակայքը գտնուող սահմանային անցակէտի վերակառուցումն ու արդիականացումը, որպէսզի համապատասխանէ անվտանգութեան եւ ապահովութեան ժամանակակից պահանջներուն: Ծրագիրը զգալի դրամաշնորհային աջակցութիւն ստացած է Եւրոպական Միութենէ։ ՎԶԵԴ-ը աջակցութիւն ցուցաբերած է Հայաստանի ելեկտրական ցանցեր ընկերութեան, որ կը շարունակէ կատարել իր ելեկտրական բաշխիչ ցանցի արդիականացումը», – մասնաւորապէս ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment