Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Մենք Չենք Առներ Այնպիսի Քայլ, Որ Ժողովուրդը Կը Զրկէ Իշխանութեան Վերաբերեալ Որոշումներ Կայացնելու Հնարաւորութենէն․ Նիկոլ Փաշինեան

Մենք Չենք Առներ Այնպիսի Քայլ, Որ Ժողովուրդը Կը Զրկէ Իշխանութեան Վերաբերեալ Որոշումներ Կայացնելու Հնարաւորութենէն․ Նիկոլ Փաշինեան

by MassisPost

«Իշխանութիւնը պատկանում է ժողովրդին, եւ իշխանութեան վերաբերեալ որոշումներ պէտք է կայացնի ժողովուրդը, իշխանութեան ճակատագիրը պէտք է որոշի ժողովուրդը։ Մենք չենք անի այնպիսի քայլ, որը ժողովրդին կը զրկի իշխանութեան վերաբերեալ որոշումներ կայացնելու հնարաւորութիւնից եւ լծակներից եւ իշխանութեան հարցը կը տեղափոխի փակ սենեակներում քննարկումների տրամաբանութեան»,- ԱԺ-կառավարութիւն հարց ու պատասխանի ժամանակ ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ անդրադառնալով իր հրաժարականի հարցին։

Վարչապետը ըսաւ, որ իր առաջարկը՝ արտահերթ ընտրութիւններու հարցով խորհրդակցութիւններ ընելու վերաբերեալ, կը շարունակէ մնալ ուժի մէջ։ Բայց խորհրդարանական ուժերը կը մերժեն այդ։ «Եթէ խորհրդարանական ընդդիմադիր ուժերը շարունակեն մերժել այդ տրամաբանութիւնը, մենք համապատասխան դիրքորոշում կը ձեւաւորենք արդէն այդ իրողութեան նկատմամբ։ Բայց հարցը այն է, որ բոլոր հարցերի լուծման համաթեքսթում վճռորոշ խօսքը պատկանում է ժողովրդին։ Եւ մենք թոյլ չենք տայ այնպիսի զարգացում, որ այս բանաձեւը խախտուի»,- նշեց Փաշինեան։

Ըստ Փաշինեանին՝ եթէ այդ ուժերը կը մերժեն արտահերթ ընտրութիւններ կատարել, կը նշանակէ, որ հիմակուընէ կ’արձանագրեն իրենց պարտութիւնը արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ «Քննարկումները շարունակւում են, եւ մենք պատրաստ ենք քննարկել բոլոր ուժերի հետ այդ օրակարգը։ Բայց այն պայմաններում, երբ ընդդիմութիւնն ասում է՝ ոչ մի արտահերթ ընտրութիւն, անտրամաբանական է, որ իշխող մեծամասնութիւնն ասի՝ չէ որ չէ, պէտք է լինեն արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ»,- աւելցուց Փաշինեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment