Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մասիս Մայիլեան Ազատուած Է Արցախի ԱԳ Նախարարի Պաշտօնէն, Այդ Պաշտօնին Նշանակուած Է Դաւիթ Բաբայեան

Մասիս Մայիլեան Ազատուած Է Արցախի ԱԳ Նախարարի Պաշտօնէն, Այդ Պաշտօնին Նշանակուած Է Դաւիթ Բաբայեան

by MassisPost

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի այսօրուայ հրամանգիրով Մասիս Մայիլեան ազատուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնէն։

Մայիլեան այս պաշտօնը գրաւած էր 2017 թուականի Սեպտեմբերէն։

Յարութիւնեանի մէկ այլ հրամանագիրով՝ Դաւիթ Բաբայեան, որ 2020 թուականի մայիսէն Արցախի նախագահի արտաքին հարցերով խորհրդականն էր, նշանակուած է Արցախի արտաքին գործոց նախարար՝ ազատուելով խորհրդականի պաշտօնէ:

Ստորագրուած մէկ այլ հրամանագիրով՝ Վահրամ Բաղդասարեան ազատուած է Արցախի ֆինանսներու նախարարի պաշտօնէն՝ այլ աշխատանքի անցնելու կապակցութեամբ, իսկ Կրիկորի Մարտիրոսեանը նշանակուած է Արցախի պետական նախարար, ֆինանսներու նախարար՝ ազատուելով պետական նախարարի պաշտօնէն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment