Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Յօդուածը. 44-Օրեայ Պատերազմի Ծագումը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Յօդուածը. 44-Օրեայ Պատերազմի Ծագումը

by MassisPost

Ինչո՞ւ տեղի ունեցաւ 44-օրեայ պատերազմը եւ ինչո՞ւ հնարաւոր չեղաւ խուսափիլ անկէ․ վարչապետի պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած յօդուածով այս հարցերուն կը փորձէ պատասխանել Նիկոլ Փաշինեան։

«Պահը, երբ ԼՂ հարցում որեւէ իրադարձութիւն պէտք է տեղի ունենար, հասունացել էր», – վստահ է Փաշինեան։

Ան Լեռնային Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման բանակցութիւններու վերջին տասը տարուայ պատմական ակնարկ կատարած է ու անձանագրած, որ բանակցային գործընթացքը 1994 թուականի Մայիս 12-ի զինադադարի կէտէն նահանջի մեծ գործընթացք մըն է:

«Տխուր է արձանագրել, բայց բանակցային ողջ գործընթացում հայկական կողմը ոչ մի յաջողութիւն չի ունեցել, դա անյաջողութիւնների մի երկար պատմութիւն է», – գրած է Փաշինեան։

«Բանակցային 23-ամեայ գործընթացում հայկական կողմի միակ յաջողութիւնը ժամանակն էր, որն, ի հարկէ, էական յաջողութիւն կը լինէր, եթէ այդ ժամանակը հնարաւոր լինէր աշխատեցնել մեր օգտին: Բայց 2016 թուականի ապրիլեան պատերազմով, երբ արձանագրուեց, որ Հայոց բանակը յաղթանակից 22 տարի անց կռւում է 80-ականների զէնքերով, ժամանակ ձգելու դարաշրջանը նոյնպէս աւարտուեց: Ոչ այս փաստի բերումով, ի հարկէ, այլ այն հանգամանքով պայմանաւորուած, որ միջազգային սաստկացող կոնյունկտուրայի (իրավիճակի)  տագնապալի պայմաններում Ռուսաստանն արդէն յոգնել էր մեղադրանքներից, թէ իրականում նա ոչ թէ հարցի կարգաւորման, այլ ձգձգման կողմնակից է: Նման պայմաններում մեր առաջ պարզ ընտրութիւն էր դրուած՝ տեղաւորուել վերը նկարագրուած տրամաբանութեան մէջ եւ անցնել տարածքների յանձնման գործընթացին, որոնք պայմանականօրէն անուանւում էին «առարկայական բանակցութիւններ», կամ փորձել փոխել բանակցային տրամաբանութիւնը», – նշած է վարչապետը։

Ըստ Փաշինեանին, 2018 թուականէն ի վեր այս խնդիրներու լուծման միտուած եղած են իրենց բոլոր քայլերը։ Մասնաւորապէս շեշտադրած է Արցախին բանակցային գործընթացք վերադարձնելու հարցը օրակարգ բերելու իրենց ջանքերը եւ հրապարակային հնչեցուցած շարք մը այլ թէզեր, որոնց նպատակն էր բանակցային գործընթացքը դուրս բերել տարածքներ յանձնելու նախնական տրամաբանութենէն: «Եւ հենց այստեղ էր ձախողումը, որովհետեւ պարզուեց՝ 2016-ին շարժուած գնացքը կանգնեցնել հնարաւոր չէ», – գրած է վարչապետը։

«Սկզբունքային հարց է, ի հարկէ, թէ ինչքանով է խելամիտ փորձել դիմադրել «շարժուած» եւ արագութիւն հաւաքած «գնացքին»: Իսկ ո՞րն է հակառակը: Հակառակը տարածքների յանձնումն է՝ ըստ էութեան ոչնչի դիմաց: Հիմա, ի հարկէ, յետահայեաց կարելի է ասել՝ դա աւելի լաւ է, քան այն, ինչ ունենք, առնուազն մարդկային հազարաւոր կեանքեր փրկած կը լինէինք: Բայց՝ յետահայեաց: Յետահայեաց՝ այդ նոյնը կարելի էր անել 1997-ին, 2004-ին, 2011-ին, 2016-ին ի վերջոյ: Այո, կարելի էր անել նաեւ 2020-ին: Բայց ինքներս մեզ ի՞նչ փաստարկով էինք համոզելու: Որ կը պարտուենք պատերազմու՞մ», – գրած է Փաշինեան։

Ոչինչի դիմաց տարածքներ յանձնելու պարագային ալ պատերազմը կը սկսէր ոչ, թէ Հորատիզի, այլ Շուռնուխի մատոյցներէն, կը կարծէ վարչապետը, որ գրած է. – «Այս սենարով պատերազմը Շուռնուխի մատոյցներում գոնէ աւարտուել է, չնայած՝ հիմա ոմանք ջանք չեն խնայում, հնարաւոր եւ անհնար ամէն ինչ անում են, որ Շուռնուխի մատոյցներում պատերազմը նորից սկսուի»։

Իսկ հակափաստարկին, թէ հողերու խաղաղ, բանակցային յանձնման պարագային մեր բանակցային դիրքերը շատ աւելի ամուր պիտի ըլլային, Փաշինեան պատասխանած է․ – «Յաղթողի դիրք ունէինք, բանակցային գործընթացի ողջ պատմութեան ընթացքում, որեւէ անգամ օգտագործէինք յաղթողի այդ դիրքը՝ որեւէ յստակ արդիւնք ապահովելու համար»:

Փաշինեան պատասխանած է նաեւ այն մեղադրանքին, թէ իր յայտարարութիւններով Ատրպէյճանը զրկած է բանակցութիւններով արդիւնքի հասնելու որեւէ յոյսէ, ինչ որ պատերազմը դարձուցած է անխուսափելի:

«Ուրեմն՝ ստացւում է, որ բանակցային գործընթացի ողջ իմաստն ու նպատակը, որ մարդիկ 20 տարի վարել են, եղել է Ատրպէյճանին յոյս տալը, որ ինքը բանակցութիւններով կարող է հասնել նրան, ինչին ուզում է հասնել պատերազմի միջոցով: Հենց սա՛ եմ ասում: Ասում եմ, որ 20 տարի վարած բանակցութիւնների նպատակը Ատրպէյճանին յոյս տալն է եղել, ես էլ, փաստօրէն, Ատրպէյճանին յուսախաբ անողը դարձայ՝ մինչ այդ նրան տուած յոյսերի ֆոնին: Ատրպէյճանին յոյս տալու ռազմավարութիւնը վերջը ինչո՞վ էր աւարտուելու ու ե՞րբ: Մենք յոյս էինք տալիս Ատրպէյճանին, իսկ նա զէնք էր գնում՝ զուգահեռաբար միջազգային տարատեսակ ատեաններում արձանագրելով Լեռնային Ղարաբաղի հարցը իր տարածքային ամբողջականութեան շրջանակներում լուծելու «միջազգային խօսոյթը», – գրած է վարչապետը:

Յուլիսեան մարտերը հիմք տուած են ենթադրելու, որ հայկական կողմը կարող է չպարտուի Ատրպէյճանին դէմ, անկէ յետոյ, ըստ Փաշինեանին, Ատրպէյճանը հասկցած է, որ մինակ չի կարողանար ռազմական յաջողութիւն ունենալ, ուստի Թուրքիան եւ սուրիացի վարձկանները ներգրաւելու որոշում կայացուցած է:

Յօդուածի վերջաւորութեան վարչապետը չի բացառեր, որ այս ձեւով կ’անդրադառնայ նաեւ 44-օրեայ պատերազմին վերաբերող այլ հարցերու ու հանգամանաքներու։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment