Ռուս խաղաղապահները վերահսկողութիւն հաստատած են Ղարաբաղի ողջ տարածքով, անոնց գործողութիւնները կանխած են մարդասիրական աղէտը, այսօր՝ Դեկտեմբեր 24-ին յայտարարած է Ռուսաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապի պետ՝ Վալերի Կերասիմովը՝ օտարերկրեայ ռազմական կցորդներու հետ հանդիպման ժամանակ։
«Այսօր Լաչինի միջանցքը եւ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքը ամբողջովին կը վերահսկուի ռուսական խաղաղապահներու ստորաբաժանումներու կողմէն», – տեղեկացուցած է Կերասիմովը, աւելցնելով, որ անոնք զբաղած են նաեւ ականազերծման եւ մարդասիրական խնդիրներով։
Աւելի քան մէկ ամիս շարունակուող առաքելութեան ընթացքին, հրադադարը խախտուած է մէկ անգամ՝ Հատրութի Խծաբերդ եւ Հին թաղեր գիւղերուն մէջ, ուր ատրպէյճանական կողմը առաջխաղացում արձանագրած էր եւ գերեվարած տասնեակ հայ զինծառայողներ։ Զօրավար Կերասիմովը, սակայն, այսօր այս միջադէպին չէ անդրադարձած։