Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ստիպողաբար Ու Սպառնալիքներով Մարդոց Կը Տանին Հանրահաւաքներու

Ստիպողաբար Ու Սպառնալիքներով Մարդոց Կը Տանին Հանրահաւաքներու

by MassisPost

Հանրապետութեան հրապարակին վրայ անհնազանդութեան գործողութիւններուն մասնակցելէ հրաժարելու պատճառով «Թոյոթա Երեւան» սահմանափակ պատասխանատւութեամբ ընկերութեան քանի մը աշխատակիցներ ազատուած են աշխատանքէն։

Այս մասին  ահազանգեց աշխատանքէն ազատուածներէն մէկու՝ Գոռ Մելիքբեկեանի կինը՝ Գայանէ Յովհաննիսեան։ Անոր խօսքերով՝ ընդդիմութեան կողմէ յայտարարուած գործադուլի եւ դասադուլի օրը, ընկերութեան տնօրինութիւնը ժողով գումարած է եւ ըսած, որ բոլորը պէտք է երթան հանրահաւաքի։ Իսկ ով որ ըսած է, որ չ’ուզեր մասնակցել հանրահաւաքին, պատասխանած են, որ այդ պարագային չեն կարող աշխատիլ այդտեղ։ «Թոյոթա Երեւան» ՍՊԸ աշխատող մօտ 70 հոգիէն միայն 6-ը հրաժարած են մասնակցելէ հանրահաւաքին։ «Թոյոթա Երեւան»-ի գլխաւոր տնօրէն Վահէ Գզրարեան հերթով կանչած է զիրենք իր աշխատասենեակ ու բացատրութիւն պահանջած, որմէ ետք անոնք ազատուած են աշխատանքէն։

Յիշեցնենք, որ «Թոյոթա Երեւան» ընկերութեան համասեփականատէր է Ռոպերթ Քոչարեանի աւագ որդին՝ Սեդրակ Քոչարեան։ «Թոյոթա Երեւան» ընկերութեան մէջ հաւասարաչափ՝ 30-ական տոկոս բաժնեմասեր ունին նաեւ գործարար, Երեւանի շարք մը  բարձրակարգ շէնքերու սեփականատէր՝ Սամուէլ Մայրապետեան եւ «Հայկական երկրորդ հեռուստաալիքի կայանի»՝ Հ2-ի 50 տոկոս բաժնեմասի սեփականատէր՝ Նաթալիա Մատինեան:

Իրաւապաշտպան՝ Ժաննա Ալեքսանեան, անդրադառնալով այս դէպքին, նշեց, որ ցաւալի է, որ ընդդիմութիւնը նման մեթոտներով կը փորձէ փոփոխութիւններու հասնիլ, բայց զարմանալ պէտք չէ, քանի որ անիկա նախկիններու՝ Քոչարեանի ձեռագիրն է։ «Մենք էլ ենք ստանում բազմաթիւ ահազանգեր, որ ստիպողաբար, սպառնալիքներով են մարդկանց տանում հանրահաւաքների, որը դատապարտելի է, բայց արդէն իսկ այդ գործելակերպը ցոյց է տալիս, թէ ուր են տանելու ժողովրդին իրենց առաջնորդ Վազգէն Մանուկեանով։ Իսկ մարդիկ ինքնակամ չեն գնում, քանի որ կուշտ են նախկինների այս վարքագծից։ Մարդիկ կուշտ են հրապարակում հնչող բռնութեան կոչերից, բռնի գործողութիւններից, բանակին ու ոստիկանութեանը քաղաքականութիւն ներքաշելու փորձերից։ ՀՀԿ-ն ու ՀՅԴ-ն այնքան են ներծծուել արեան մէջ, որ մարդկանց վանում են»,-ըսաւ իրաւապաշտպանը։

Ժաննա Ալեքսանեան, սակայն, նկատել կու տայ, որ ճնշումներով եւ սպառնալիքներով մարդոց հանրահաւաք տանելով՝ ընդդիմութիւնը չի կրնար խնդիր լուծել։ Անոնց կողմէ առաջադրուած պահանջները, նոյնիսկ մեծագոյն ցանկութեան պարագային, չեն կարող հանրային աջակցութիւն վայելել. «Վազգէն Մանուկեանի սիրած բառապաշարով ասած՝ զոռպայութեամբ ոչ մի բանի չեն հասնի։ Նրանց իշխանութիւնից երկու տարի է անցել դեռ, եւ մարդիկ շատ լաւ բոլորին ու ամէն ինչ յիշում են, ոչ մի բան չեն մոռացել։ Ես ուղղակի նրանց կոչ կ’անէի՝ պարզապէս խնայել մարդկանց։ Մարդկանց պարտադրելով հարց չի լուծւում։ Մարդիկ իրենք պէտք է ցանկանան փոփոխութիւններ։ Բայց միայն այդ ուժերի կողմից գործադրւող ճնշումը, սպառնալիքները արդէն իսկ փաստում են, թէ այդ ուժերը ուր են գնում եւ ինչ հարց են լուծում»,- եզրափակեց իրաւապաշտպանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment