Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սիւնիքի Մարզի Սահմաններու Ճշգրտման Աշխատանքները Կը Շարունակուին

Սիւնիքի Մարզի Սահմաններու Ճշգրտման Աշխատանքները Կը Շարունակուին

by MassisPost

Սիւնիքի մարզին մէջ կրնան դէպքեր ըլլալ, որ ատրպէյճանցիները յայտնուին Հայաստանի սահմանի մօտ, մտահոգուելու պատճառ չկայ, կը վստահեցն պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանն ու խորհուրդ կու տայ սիւնեցիներուն նման պարագաներուն ահազանգել Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան թէժ գիծին:

«Բայց պէտք չի խուճապի ենթարկուել: Այդ տեսանիւթերը, ես նորից եմ ասում` տեսանիւթը որ ընկերային ցանցերում գնում է, դա 4 օրուայ է, կարող է մէկ ուրիշ տեսանիւթ լինի: Այնպէս որ, պէտք է այստեղ շատ յստակ գործել, կապուել թէժ գիծ ԱԱԾ-ի եւ ներկայացնել` ինչ է տեղի ունենում», -ըսած է ան:

Եռակողմ յայտարարութիւնէն ետք Հայաստանի հարաւային սահմանը աւելի փոխուած է։ Սիւնիքի շարք մը համայնքներէն տարածքներ յանձնուած են Ատրպէյճանին։ Կապանը դարձած է սահմանապահ։ Գորիս-Կապան 21 քիլոմեթրնոց ճանապարհահատուածը պիտի վերահսկեն հայ, ռուս, ատրպէյճանցի սահմանապահները։ Այս օրերուն սահմանազատման աշխատանքներ կը կատարուին, հայկական ու ատրպէյճանական դիրքերը` կը ճշգրտուին:

Երէկ տեսանիւթ տարածուած էր, որ խումբ մը ատրպէյճանցիներ Գորիս-Կապան մայրուղիին վրայ են` Որոտան գիւղի մօտակայքը, ատրպէյճանական դրօշով։ Գորիսի քաղաքապետ Առուշան Առուշանեանը, դիմատետրեան էջին հրապարակելով քատրերը, դիմեց վարչապետ Փաշինեանին, թէ «Ատրպէյճանի դրօշը ծածանւում է Որոտանի հատուածում, թշնամին հասել է գիւղ»։

«Զինուժ մետիա»-ի հետ զրոյցի ժամանակ պաշտպանութեան նախարարը պարզաբանած է` սահմաններու ճշգրտման աշխատանքները կը շարունակուին, հնարաւոր է` դարձեալ ըլլան նման տեսանիւթեր. «Միջադէպեր կարող են լինել, որ սահմանի մօտ գան: Եւ հիմա, նորից եմ ասում, աշխատանքներ են տարւում, եւ այստեղ մտահոգուելու որեւէ մի բան չկայ, այստեղ պէտք է շատ ուշադիր լինել, եւ ԱԱԾ-ն մի քիչ առաջ յայտարարութիւն է տարածել, որտեղ եթէ այդպիսի դէպքեր են լինում, անհասկանալի մեր քաղաքացիների համար, ապա իրենք պէտք է կապուեն թէժ գիծ ԱԱԾ-ի եւ այդ տեղեկութիւնն ամբողջովին ներկայացնեն, եւ համապատասխան միջոցներ կը ձեռնարկուեն, որպէսզի բացայայտուի` ինչ է տեղի ունեցել, եւ մեր հանրութիւնն իմանայ»:

Նախապէս ալ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը սիւնեցիներուն յորդորած էր անցանկալի միջադէպերէն խուսափելու նպատակով ցուցաբերել անհրաժեշտ զգօնութիւն, իսկ հնարաւոր խնդիրներու ու հարցերու պարագային կապ հաստատել Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ զօրքերու թէժ գիծի հեռախօսահամարով:

Միանշանակ կարելի չէ ըսել` անվտանգ է, ատրպէյճանցիներու հետ խնդիրներ դեռ շատ կը ծագին, ըսած է սահմանապահ Կապանի համայնքապետը: Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան թէժ գիծին ալ, ցաւօք, զանգեր դեռ կ’ըլլան. «Ցանկացած միջադէպ էլ կարող է լինել` սկսած անասունի գողութիւնից, աւարտած մարդու առեւանգումից: Այս ամէն ինչը, գիտէք, դեռ սկիզբն է, ոչինչ միանշանակ չի կարելի ասել` անվտանգ, որովհետեւ լարուած են, արդէն այսօրուանից ամբողջովին թուրքերի շարժը երեւում է: Բնական է, որ մարդկանց մէջ լարուածութիւն է էլի»:

Պաշտպանութեան նախարարը անդրադարձած է նաեւ քննադատութիւններուն, թէ Հայաստանի հարաւային սահմանը ռուս սահմանապահներու պաշտպանութեան յանձնելով՝ Հայաստանը Ռուսաստանին կը զիջի ինքնիշխանութիւնը: Նախարար Յարութիւնեանն ըսած է՝ հակառակը` այդպիսով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը կ’ամրապնդեն. «Ինքնիշխանութեան կորուստն այն ժամանակ է լինում, երբ որ անվտանգութիւնն ապահովուած չի, իսկ եթէ քայլերը, որոնք ամրապնդում են անվտանգութիւնը, հակառակը` ամրապնդում են եւ պետութեան անկախութիւնը, եւ ինքնիշխանութիւնը»:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment