Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ Ղարաբաղեան Պատերազմը Տապալած Է Գերմանիոյ Կառավարութեան` Անօդաչու Սարքեր Գնելու Ծրագիրը

Ղարաբաղեան Պատերազմը Տապալած Է Գերմանիոյ Կառավարութեան` Անօդաչու Սարքեր Գնելու Ծրագիրը

by MassisPost

Ղարաբաղեան վերջին պատերազմը խառնած է Գերմանիոյ կառավարութեան ծրագիրներն ու տապալած գործարքը, որով գերմանական բանակը կ’ակնկալէր առաջիկայ ամիսներուն յարձակողական քանի մը անօդաչու սարքեր գնել, կը հաղորդէ Deutsche Welle-ն (DW)։ Բանն այն է, որ դաշինքին մաս կազմող խմբակցութիւններէն մէկը՝ Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութիւնը, վերջին պահուն արգելափակած է իսրայէլական Aerospace Industries-ի հետ համագործակցութիւնը` վկայաբերելով այն կործանարար ազդեցութիւնը, որ թողած են իսրայէլական տրոնները ղարաբաղեան վերջին պատերազմին։

«Մեր զինուորներու պաշտպանութեան եւ հեռակառավարման վահանակով մարդ սպանելու միջեւ սահմանը շատ նուրբ է, եւ կարելի չէ նման կարեւոր հարցերով որոշում կայացնել առանց մանրազննուած քննարկումներու»,- յայտարարած է սոցիալ-դեմոկրատներու համանախագահ՝ Նորպըրթ Ուալթըր-Պորեանսը` ընդգծելով. «Մենք պէտք է անվտանգութեան ու բարոյականութեան հարցերը հաւասար հարթութեան մէջ դիտարկենք»։

Փաստացի, գերմանական բանակը արդէն իսկ վեց հարիւրէն աւելի անօդաչու թռչող սարք ունի իր զինանոցը, սակայն, մինչ օրս անոնք միայն հետախուզական նպատակով կը կիրառուին։ 2016-ին պաշտպանութեան նախկին նախարար Ուրսուլա ֆոն տըր Լայընը առաջարկած էր զանոնք համալրել նաեւ յարձակողական հրթիռներով՝ ամրապնդելու միջազգային առաքելութիւններուն մասնակցող գերմանացի զինուորներու անվտանգութիւնը։

«Պատկերացուցէք, որ դիտորդը կարող է նստիլ որեւէ անվտանգ վայր ու հեռուէն ուղղորդել սարքը Աֆղանիստանի օդային տարածքէն ներս, կը մնայ միայն ճիշդ ժամանակին սեղմել ճիշդ կոճակը»,- յայտարարած էին ծրագրի կողմնակիցները։ Ընդդիմախօսները հակադարձած էին, որ անով պատերազմը կը հաւասարի համակարգչային խաղի՝ անկէ բխող բոլոր հետեւանքներով։ Տեւական բանավէճերէն յետոյ՝ երկու տարի առաջ, Պունտեսթակի Պաշտպանութեան եւ պիւտճէի հարցերով յանձնաժողովները հաւանութիւն տուին Իսրայէլէն Heron տիպի յարձակողական անօդաչուներ գնելու առաջարկին։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը արդէն կազմած էր առուվաճառքի պայմանագիրը, կ’ակնկալուէր, որ մինչեւ ձմեռնային արձակուրդը Պունտեսթակը զայն կը հաստատէ, եւ քանի մը ամիս անց գերմանական բանակը կը ստանայ նոր սերունդի յարձակողական այդ սարքերը․ «Անոնք կարող են օդը մնալ աւելի քան 30 ժամ եւ նոյնիսկ վատ եղանակի պարագային փոխանցել իրենց տեսադաշտը գտնուող մարդոց, բնակավայրերու լուսանկարները, իսկ հրթիռներ ունենալու պարագային՝ նաեւ կրակել»,- բացատրած էին   գերմանացի փորձագէտները։

Շաբաթը, սակայն, ուրբաթէն շուտ եկաւ, եւ սոցիալ-դեմոկրատներու անակնկալ «ոչ»-ը դարձաւ ամպրոպ պարզ երկնքին վրայ։ «Մենք մեր դիրքորոշումը փոխեցինք ղարաբաղեան վերջին՝ տրոններու պատերազմէն յետոյ»,- բացատրեց խմբակցութեան փոխնախագահ Կապրիելա Հայնրիխը։

«Առաջին անգամ այստեղ էր, որ բացառապէս անօդաչու սարքերու կիրառմամբ յաջողուեցաւ որոշել ռազմական հակամարտութեան արդիւնքը։ Այս պատերազմը դարձաւ ակնյայտ վկայութիւնը, որ տրոնները կարելի է օգտագործել մարտադաշտին վրայ իրավիճակը փոխելու նպատակով՝ կասկածի տակ դնելով պնդումները, թէ անոնք ընդամէնը կոչուած են վերեւէն հսկելու ու ամրապնդելու զինուորներու պաշտպանութիւնը»,- յայտարարած էր գերմանացի պատգամաւորը։

Այս փուլին՝ առնուազն յաջորդ ֆինանսական տարուան, իսրայէլական տրոններու ձեռքբերման հարցը փակուած կը համարուի։ Այս, սակայն, չի նշանակեր, որ Պունտեսթակը  կը հրաժարի այդ գաղափարէն, նշած են ռազմական փորձագէտները․ փաստացի, յաջորդ տարուայ ռազմական պիւտճէով նախատեսուած է միլիոններ տրամադրել պաւարիական Airbus Defence and Space ընկերութեան Eurodrone-ի նախագծման համար, որ կարող է զինուած ըլլալ նաեւ հրթիռներով։ «Այնպէս որ, մեծ հաշւով, գերմանական բանակը պիտի ունենայ այդ սարքերը, այլ հարց է, թէ երբ»,- կը փաստէ DW-ն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment