Home ԻՐԱՒՈՒՆՔ Ձերբակալուած է Գորիսի Քաղաքապետ Առուշ Առուշանեանը

Ձերբակալուած է Գորիսի Քաղաքապետ Առուշ Առուշանեանը

by MassisPost

Գորիսի քաղաքապետ՝ Առուշ Առուշանեան ձերբակալուած է, ան  մեղադրուած է օրէնքով սահմանուած կարգի խախտմամբ հաւաք կազմակերպելու եւ իրագործելու փորձ կատարելու համար, այսօր՝ դեկտեմբեր 21-ի յետմիջօրէին հաղորդեց Քննչական կոմիտէն։

Մինչ այդ, առաւօտեան քաղաքապետի խմբակիցներն ու փաստաբանները որեւէ տեղեկութիւն չունէին Առուշանեանի մասին։ Ըստ փաստաբան՝ Արմէն Մելքոնեանին անոնք չեն կրցած կապ հաստատել իրաւապահներուն հետ՝ պարզելու, թէ ուր է քաղաքապետը, ու ինչ քրէական գործով ձերբակալուած: Փաստաբանը առեւանգում որակած էր եղածը եւ այդ ահազանգով դիմած ոստիկանութեան։

Օրէնքով քաղաքացիին կարող են անազատութեան մէջ պահել 3 ժամ, «Ազատութիւն»ին ըսած էր փաստաբանը, որ նաեւ ըսած էր,  որ քաղաքապետը հրաժարած է ցուցմունք տալէ։ Իրեն ուղղուած մեղադրանքները չ’ընդունիր։ Իրենք արդէն բողոք ներկայացուցած են ձերբակալման մասին որոշման պատճառով՝ խնդրելով Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանին զայն ոչ իրաւաչափ համարել. «Յուսանք, որ դատարանը շուտ կ’արձագանքէ եւ այս ապօրինութիւններուն վերջ կը տրուի»: «Քաղաքապետի կուսակցութիւնը ժողովուրդն է, իր կուսակցութիւնը Գորիս համայնքն է, իր կուսակցութիւնը մեր հայրենիքի սահմաններն անառիկ պահելն է»,- ըսած է փաստաբանը:

 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Սիւնիքի մարզ այցելութեան ընդառաջ՝ Առուշանեան դիմատետրով յորդորած էր գորիսեցիներուն առաւօտեան ժամը 6-ին հաւաքուելու քաղաքի Գրիգոր Տաթեւացիի անուան հրապարակը եւ այնտեղէն շարժիլ դէպի Սիւնիքի դարպասներ՝ արգիլելու «հայոց հողը օտարող, Սիւնիքի երբեմնի անառիկութիւնը խաթարող «վարչապետի» մուտքը Սիւնիքի մարզ»։ Իր այս յայտարարութենէն քանի մը ժամ անց Առուշանեան բերման ենթարկուած է։ Գորիսի փոխքաղաքապետ Իրինա Եոլեանը այս քաղաքական հետապնդում որակած էր ։ Փաստաբանը եւս պնդեց, որ այստեղ որեւէ իրաւական գործընթացք չկայ։ «Ըստ իս` որեւէ տեղ չկայ, չի կարող որեւիցէ մէկն այդ արարքում` օրինական հաւաք կազմակերպելու համար անձին մեղադրանք առաջադրել: Սա ապօրինի գործողութիւններ են, ենթադրում եմ, որ քաղաքական գործընթաց է»:

Ըստ իրաւապահներուն` Քննչական կոմիտէէն ներս քննութիւն տեղի կ’ունենայ Առուշանեանի կողմէն օրէնքով սահմանուած կարգի խախտմամբ հաւաք կազմակերպելու եւ իրագործելու փորձ կատարելու դէպքի հանգամանքները պարզելու ուղղութեամբ: Փաստաբանը ըսաւ թէ Քննչական կոմիտէն սպառիչ պատասխան չէ տուած հարցին, թէ որն է հաւաք կազմակերպելու գործողութեանց ապօրինութիւնը. «Աւելին ասեմ` նոր տեղեկացայ, որ բացի յիշեալ քրէական գործից, ինչ-որ քրէական գործեր կան, որոնք միաւորւում են մէկ վարոյթում: Հասկանում եմ նաեւ, թէ ինչ են փորձում կատարել` միաւորում են մէկ վարոյթում, եւ դրանով չի բացառւում, որ ժամերի ընթացքում Առուշանեանին նոր մեղադրանքներ առաջադրուեն, եւ արդէն ծանր յօդուածներով փորձեն միջնորդութիւն ներկայացնել դատարան, որպէսզի խափանման միջոց կալանաւորում կիրառուի»:

Քննչական կոմիտէն նաեւ հաղորդեց, որ Գորիսի քաղաքապետը կ’անցնի նաեւ քանի մը քրէական գործերով՝ խարդախութեան, պաշտօնէական լիազօրութիւններ չարաշահելու, ազատութենէն ապօրինի զրկելու եւ ինքնիրաւչութեան յօդուածներով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment