Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Լարուածութիւնէ Զերծ Մնալու Համար Վարչապետ Փաշինեան Ընդհատեց Սիւնիքի Մարզ Իր Այցելութիւնը

Լարուածութիւնէ Զերծ Մնալու Համար Վարչապետ Փաշինեան Ընդհատեց Սիւնիքի Մարզ Իր Այցելութիւնը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան թէեւ նախապէս յայտարարած էր, որ Սիւնիքի մարզ այցելութեան ընթացքին պիտի այցելէ նաեւ Գորիս, Կապան եւ Մեղրի, սակայն այցելելով միայն Սիսիան քաղաք ու Սառնակունք գիւղ, վերադարձաւ Երեւան։

Վարչապետի այցելութեան զուգահեռ բողոքի հաւաք կ’ընթանար Գորիս քաղաքին մէջ, ուր հաւաքուողները կ’ըսէին, որ թոյլ պիտի չտան վարչապետին մտնելու Սիւնիքի մարզ։ Աշխատանքային իր այցելութիւնը ընդհատած վարչապետը դիմատետրի գրառման մէջ նշած է, որ Գորիս տանող ճանապարհը փակած են, որպէսզի «ակնյայտ չդառնայ, որ այդ քաղաքներում մթնոլորտը նոյնն է ինչ Սիսիանում»: Վարչապետը գրած է, որ սուգի օրով ուժային գործողութիւններու պիտի չդիմեն։ Փաշինեանի ընդդիմախօսները Գորիս տանող ճանապարհը փակ պահած էին առտու կանուխէն։

«Սաղիս խաբել ա, մէկը ասում ա՝ ով որտեղ կանգնած ա եղել, մնայ ընտեղ կանգնած, էն մէկը գալիս ասում ա՝ սա ձեր տեղը չի, գնացէք էն եան, խի պիտի դիրքաւորուեն, խի պիտի աստղաբաշխական գումարներ ծախսենք  պաշտպանակներ սարքենք տան թուրքին, թուրքը գայ էդ պաշտպանակը նստի, գայ մեր վրայ զէնք քաշի», – ըսաւ անոնցմէ մէկը:

Նիկոլ Փաշինեան առաւօտեան, Սիւնիքի մարզ ուղեւորուելու ժամանակ, դիմատետրի եթերով յայտնեց, որ իր այցը կրքերը բորբոքելու համար չէ. «Սիւնիքի մարզ գալու որոշումը կայացրել եմ գալու եւ սիւնիքցիների նկատմամբ իմ յարգանքի եւ գնահատանքի տուրքը մատուցելու: Երկրորդը՝ առաւել կարեւորը՝ ձեր հարցերին պատասխանելու, ուղիղ ձեր աչքերի մէջ նայելու, անհրաժեշտ բացատրութիւններ տալու: Ես ինձ հաշիւ եմ տալիս, թէ ձեր տուած հարցերն ինչպիսին են լինելու եւ ես որոշակի համոզմունք ունեմ, որ ձեր տուած հարցերի կը կարողանամ պատասխանել, ձեր կասկածները փարատել»:

Փաշինեան իր նշած քաղաքներէն միայն Սիսիան գնաց, այցելեց քաղաքային պանթէոն. «Այսօր մենք մեր խոնարհումը բերեցինք եւ խնկարկեցինք սիւնեցի զինուորների գերեզմանին, ու այս ընթացքը կը շարունակուի: Մենք սադրանքների չենք գնալու»:

syunik-2

Սիսիանի մէջ վարչապետը յայտարարեց, որ Հայաստանի ներկայ սահմանները որոշուած են 2010 թուականին ընդունուած ՀՀ վարչատարածքային բաժանման մասին օրէնքով, նշելով, որ այդ օրէնքով միւս կողմը նկարագրուած է որպէս Ատրպէյճանի սահման։ «Հիմա այդ տարիներին կառավարութեան անդամ եղած, Ազգային ժողովի պատգամաւոր եղած մարդիկ մեզ ասում են՝ դուք ինչո՞ւ էք այդ կէտերով կանգնում, դուք, ի՞նչ է, այդ սահմանը ճանաչո՞ւմ էք: Բայց չէ՞ որ դա օրէնքի ուժ է ստացել: Իսկ այն ժամանակ ինչո՞ւ չեն ասել, որ սա Արցախի Հանրապետութեան տարածքն է, ինչո՞ւ չեն ասել: Ես ուզում եմ, որ դուք եւ բոլոր սիւնեցիները յստակ պատկերացնեն, թէ ինչ է տեղի ունենում», – նշեց Փաշինեան:

Օրերս Սիւնիքի մէջ մեկնարկեցին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմաններու ճշգրտման աշխատանքները, որու հետեւանքով սահմանամերձ կը դառնան մարզի տասնեակ բնակավայրեր, քանի մը ճանապարհներու մէկ մասն ալ կ’անցնի Ատրպէյճանի տարածքով։ Սիւնիքի մէջ վերջին օրերուն տարբեր ցոյցեր տեղի կ’ունենան, բնակիչները իշխանութիւններէն անվտանգութեան երաշխիքներ կը պահանջեն՝ շեշտելով, որ իրենց բնակավայրերը յայտնուած են ատրպէյճանական ուժերու անմիջական թիրախին տակ։

Վարչապետի այցելութեան զուգահեռ՝ Գորիսի ճանապարհը փակած ցուցարարները «Ազատութիւն»-ի հարցին, թէ ինչո՞ւ չեն ցանկար Փաշինեանի հետ դէմ առ դէմ զրուցել, պատասխանեցին, որ անոր հետ խօսելու ոչինչ ունին: Այս բողոքի ցոյցի պատճառով երկար խցանում գոյացած էր եւ այդ հատուածը բազմաթիւ ոստիկանական ուժեր կուտակուած էին: Հաւաքուած ցուցարարները փորձեցին խոչընդոտել «Ազատութիւն»-ի աշխատանքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment