Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Փութին. «Հայկական եւ Ատրպէյճանական Ուժերը կը Մնան Այն Դիրքերուն Վրայ, Ուր Կանգնած Էին Համաձայնագրի Ստորագրման Գիշերը»

Փութին. «Հայկական եւ Ատրպէյճանական Ուժերը կը Մնան Այն Դիրքերուն Վրայ, Ուր Կանգնած Էին Համաձայնագրի Ստորագրման Գիշերը»

by MassisPost

Նոյեմբեր 9-ի փաստաթուղթի համաձայն, հայկական եւ ատրպէյճանական ուժերը կը մնան այն դիրքերուն վրայ, ուր կանգնած էին համաձայնագրի ստորագրման գիշերը։ Այսօր՝ Դեկտեմբեր 17-ին, տարեկան մեծ ասուլիսին յայտարարած է Ռուսաստանի նախագահը՝ պատասխանելով ռուս լրագրողի հարցին, թէ արդեօք հայկական զինուած ուժերը պէտք է դուրս ելլեն Ղարաբաղի հայկական մնացած հատուածէն, եւ զիրենք փոխարինեն ռուս խաղաղապահները, ինչպէս կը կարծէ Ատրպէյճանը։

Վլատիմիր Փութին այսօր նաեւ անդրադարձած է Արցախի կարգավիճակին՝ շեշտելով հերթական անգամ, որ նոյնիսկ Հայաստանը չէ ճանաչած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը, եւ միջազգային նորմերու համաձայն, Արցախը Ատրպէյճանի տարածքն է։

«Հայաստան ինքը չէ ճանաչած Ղարաբաղը, եւ այս առումով, հաշուի առնելով այս հանգամանքը, Ղարաբաղը միջազգային իրաւունքի տեսնակիւնէն Ատրպէյճանի տարածքն է», – ըսած է Փութին։

Այդուամենայնիւ Ռուսաստանի նախագահը պարբերաբար կը շեշտէր եւ այսօր ալ շեշտած է, որ Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը պէտք է որոշուի ապագային։ Մինչդեռ պատերազմէն յետոյ թէ՛ Պաքուն եւ թէ՛ Անգարան կը յայտարարեն, որ օրակարգին վրայ ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ ապագային չկայ ու պիտի չըլլայ Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը։

Ռուսաստանի նախագահը կրկին անգամ խօսեցաւ մինչեւ պատերազմը ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման հարցով Ռուսաստանի դիրքորոշման մասին, որ յայտնի է որպէս «Լաւրովի ծրագիր»․ – «Մեր դիրքրորոշումը տարիներ շարունակ անփոփոխ էր․ եօթ շրջանները պէտք է վերադարձնել Ատրպէյճանին, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը թողնել ապագայի համար՝ հաստատելով սթաթուս քուոն։ Ի հարկէ՝ ապահովելով Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ Լաչինի միջանցքի միջոցով»։

ԹԱՍՍ-ի լրագրողի հարցին Հատրութի շրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին միջադէպի մասին, Փութին ըսած է  «Ղարաբաղի հրադադարի խախտումը եզակի եղած է ։ Յոյսով ենք, որ այդպէս ալ կը մնայ»։

Փութին կրկին յայտարարեց, որ Ռուսաստան հնարաւոր է որ աւելցնէ իր խաղաղապահ զօրակազմը, բայց միայն կողմերու համաձայնութենէն յետոյ։

Վլատիմիր Փութին այսօր առանձնապէս չէ ծաւալուած ղարաբաղեան թեմային շուրջ, ընդգծած է, թէ ամենակարեւորը այն է, որ Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագրով հնարաւոր եղած է հաստատել հրադադար եւ փրկել կեանքեր։

Անդրադառնալով բազմաթիւ խնդիրներու, որոնք պարբերաբար կը ծագին, ան նշած է, թէ անոնք թէքնիք հարցեր են, ու կարգաւորելու համար անհրաժեշտ է նստիլ բանակցային սեղանի շուրջ։ Ան, սակայն, չէ մանրամասնած, թէ երբ կարող են սկսիլ այդ բանակցութիւնները, ինչպէս պիտի լուծուին ենթակառուցուածքներու, ճանապարահներու եւ հայ-ատրպէյճանական սահմանի հետ կապուած բազմաթիւ հարցերը։

Փութինի խօսքով, հրադադարէն ետք յաջորդ փուլը, ըստ համաձայնագրին, պէտք է ըլլան փոխադրական եւ ենթակառուցուածքային հարցերը․ – «Այս կը վերաբերի Նախիջեւանին եւ Հայաստանի հիւսիսին եւ հարաւին»։ Թէ ինչ նկատի ունէր Փութին, «Հայաստանի հիւսիս եւ հարաւ» ըսելով, հասկնալի չէ։

Այսօր ատրպէյճանական աղբիւրները յայտնած են, որ Ստեփանակերտ պէտք է վերադառնան ատրպէյճանցի փախստականները։ Սակայն այսօր Փութինին փախստականներու մասին հարց չեն տուած։ Նոյեմբեր 9-ին ստոագրուած համաձայնագրով փախստականներու վերադարձի մասին նշուած է, բայց մասնաւորուած չեն ժամկէտները եւ փախստականներու քանակը։ Կ’ենթադրուի, որ ասոնք այն հարցերն են , որ պէտք է կարգաւորուին բանակցային սեղանի շուրջ։

Թուրքիոյ նախագահի մասին Փութին ըսաւ, թէ Էրտողան «իսկական տղամարդ է, իր խօսքի տէրն է եւ շատ յամառ է Թուրքիոյ շահերը առաջ տանելու հարցով»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment