Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Դեկտեմբերի 19-ին Հայաստանի եւ Արցախի Մէջ Եռօրեայ Սուգ Կը Յայտարարուի

Դեկտեմբերի 19-ին Հայաստանի եւ Արցախի Մէջ Եռօրեայ Սուգ Կը Յայտարարուի

by MassisPost

Դեկտեմբեր 19-ին կը լրանայ ռազմական գործողութիւններու աւարտի 40-րդ օրը եւ այս կապակցութեամբ Դեկտեմբեր 19-ին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ եռօրեայ սուգ կը յայտարարուի, այսօր՝ Դեկտեմբեր 14-ին ուղիղ տեսակապի միջոցով յայտարարեց վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան։

Ան նշեց, որ Դեկտեմբեր 19-ին յիշատակի երթ պիտի կազմակերպուի Հանրապետութեան հրապարակէն դէպի Եռաբլուր զիուորական պանթէոն, տեղի պիտի ունենան յիշատակի այլ միջոցառումներ։

«Հնարաւոր է, որ ոչ բոլոր նահատակների մարմինները յայտնաբերուած կը լինեն այդ օրուայ դրութեամբ, կ’ունենանք չճանաչուած բազմաթիւ մարմիններ, բայց պետական այս կարգի որոշումը, կարծում եմ, այլեւս չի կարելի յետաձգել», – յայտարարեց Փաշինեան։
Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան կը տեղեկացնէ, որ հաշուի առնելով, որ Դեկտեմբեր 19-ին կը լրանայ 44-օրեայ պատերազմի զինադադարի 40-րդ օրը, Հայաստանի վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի հետ պայմանաւորուած են, որ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ այդ օր յայտարարել եռօրեայ սուգ՝ ոգեկոչելու Հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուածներու յիշատակը։

«Նրանց անունները յաւէտ մնալու են մեր սրտերում եւ հայոց պատմութեան էջերում՝ պարտաւորեցնելով մեզ հետագայ երթում շարունակել նրանց հայրենանուէր գործը: Ուստի, այն լինելու է ցաւի, հպարտութեան ու պարտաւորութեան սուգ հայ ազգի համար», – դիմատետրեան իր էջով գրած է Արցախի նախագահը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment