Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԱՄՀ-ը Շուրջ 315 Միլիոն Տոլարի Վարկային Միջոցներ Կը Յատկացնէ Հայաստանին

ԱՄՀ-ը Շուրջ 315 Միլիոն Տոլարի Վարկային Միջոցներ Կը Յատկացնէ Հայաստանին

by MassisPost

Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի (ԱՄՀ) Գործադիր խորհուրդը հաստատած է Հայաստանի հետ համատեղ եռամեայ ծրագրի գնահատման երրորդ փուլի արդիւնքները, որու հետեւանքով երկրին համար հասանելի դարձած են 25,714 միլիոն ՅՓԻ՝ (Յատուկ փոխառութեան իրաւունք) շուրջ 36,7 միլիոն տոլար ծաւալով պիւտճէտային միջոցներ։ Համատեղ ծրագրին ներքոյ յատկացուած են 231,657 միլիոն ՅՓԻ կամ շուրջ 315 միլիոն տոլար ընդհանուր ծաւալով վարկային միջոցներ։

Ինչպէս կը հաղորդէ Հայաստանի կեդրոնական դրամատան հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութիւնը, ԱՄՀ-ի գնահատմամբ՝ դրամավարկային քաղաքականութիւնը եղած է ըստ անհրաժեշտութեան ընդլայնողական՝ աջակցելով տնտեսութեան եւ պահպանելով դրամատնային համակարգի իրացուելիութիւնը, իսկ գնաճը պահպանուած է ցած մակարդակի վրայ։ Այնուամենայնիւ, Կեդրոնական դրամատունը պէտք է ուշադիր հետեւի շուկաներու զարգացումները եւ պատրաստ ըլլայ անհրաժեշտութեան պարագային ճշգրտել դրամավարկային քաղաքականութիւնը, տնտեսութեան կայունութիւնը ապահովելու համար՝ պահպանելով փոխարժէքի ճկունութիւնը գնաճի նպատակադրման ծիրէն ներս ցնցումները կլանելու համար։ Չնայած, որ ֆինանսական համակարգը ճնշուածութեան նշաններ ցոյց չէ տուած, Կեդրոնական դրամատունը պէտք է շարունակէ բացայայտել ֆինանսական համակարգէն ներս առկայ հնարաւոր խոցելիութիւններն ու վտանգները եւ պատրաստ ըլլայ ձեռնարկել համապատասխան գործողութիւններ՝ ֆինանսական կայունութիւնը ապահովելու համար:

«ԱՄՀ խորհուրդի անդամները դրական արձագանգած են այն հանգամանքին, որ ընկերա-տնտեսական ցնցումները նշանակալի բացասական ազդեցութիւն չեն թողած ֆինանսական համակարգին վրայ։ Վերջիններուս դիտարկմամբ՝ ֆինանսական ոլորտի բարեփոխումները, որոնց մէկ մասը դեռեւս ընթացքի մէջ են, կը նպաստեն տնտեսական վերականգնման եւ երկարաժամկէտ աճին», – նաեւ ըսուած է հաղորդագրութեամբ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment