Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետը Յարգանքի Տուրք Մատուցած Է 1988-ի Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակին

Վարչապետը Յարգանքի Տուրք Մատուցած Է 1988-ի Երկրաշարժի Զոհերու Յիշատակին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 1988 թուականի Դեկտեմբեր 7-ի երկրաշարժի 32-րդ տարելիցի կապակցութեամբ այցելած է աղէտէն տուժած Գիւմրի, Շիրակամուտ, Սպիտակ եւ Վանաձոր։

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան վարչութիւնը յայտնած է, որ ժամը 11:41-ին Նիկոլ Փաշինեան Գիւմրիի մէջ մասնակցած է ի յիշատակ երկրաշարժի անմեղ զոհերու մատուցուող պատարագին եւ ծաղկեպսակի զետեղմամբ յարգանքի տուրք մատուցած անոնց յիշատակին։

gyumri-12-7-2

Այնուհետեւ վարչապետը ուղեւորուած է Լոռի մարզի Շիրակամուտ (Նալբանդ) գիւղ՝ 1988 թուականի աւերիչ երկրաշարժի կեդրոնը։ Նիկոլ Փաշինեան յարգանքի տուրք մատուցած է երկրաշարժի անմեղ զոհերու յիշատակին:

Կառավարութեան ղեկավարը այցելած է նաեւ Սպիտակ եւ Վանաձոր քաղաքները, ծաղկեպսակներ դրած է երկրաշարժի զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողներուն եւ կատարած մոմավառութիւն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment