Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Այվազեան Լաւրովի Հետ Հանդիպման Ժամանակ Ընդգծած Է Ռազմագերիներու Փոխանակման Հարցի Հրատապութիւնը

Այվազեան Լաւրովի Հետ Հանդիպման Ժամանակ Ընդգծած Է Ռազմագերիներու Փոխանակման Հարցի Հրատապութիւնը

by MassisPost

Հայաստանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարար՝ Արա Այվազեան առաջին այցը կատարած է Մոսկուա, այսօր՝ Դեկետեմբեր 7-ին, կայացած են անոր բանակցութիւնները Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Հանդիպումը տեւած է մօտ երեք ժամ: Նախարարները նախ դէմ առ դէմ ձեւաչափով բանակցած են, այնուհետեւ անոնց միացած են պատուիրակութիւններու անդամները: Բանակցութիւններէն յետոյ կայացած է նաեւ համատեղ մամլոյ ասուլիսը։

Լաւրովի հետ իր առաջին ոչ հեռավար բանակցութիւններուն, ապա ասուլիսի ընթացքին Արա Այվազեան չէ խօսած Արցախի կարգավիճակի մասին։ Իր խօսքով միայն շեշտած է. «Հայաստանը հանդէս է եկած եւ շարունակում է հանդէս գալ այն դիրքորոշմամբ, որ Արցախի ժողովուրդը ունի ինքնորոշման իրաւունք»։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը, որ այս պաշտօնը համաձայնած է ստանձնել Նոյեմբեր 10-ի յայտարարութենէն յետոյ, այսօր նշեց, որ Արցախի խնդրի կարգաւորման շուրջ բանակցութիւնները պէտք է շարունակուին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի ձեւաչափով։

Ի դէպ, Սերկէյ Լաւրով այսօր, գուցէ յատուկ, յիշեց, որ ի սկզբանէ Մինսքի խումբի համանախագահ երկիրները երկու էին՝ Ռուսաստանը եւ Միացեալ Նահանգները, Ֆրանսան աւելի ուշ միացած է այս խումբին՝ սեփական նախաձեռնութեամբ։ Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարարը նաեւ ընդգծած է, որ այսպէս թէ այնպէս Նոյեմբեր 10-ին ստորագրուած յայտարարութիւնը հիմնուած է այն սկզբունքներու եւ փաստաթուղթերու վրայ, որոնք տասնեակ տարիներու ընթացքին մշակած է Մինսքի խումբը: Լաւրով միայն չէ ըսած, որ Մինսքի խումբի փաստաթուղթերով կը խօսուէր միջազգային, այլ ոչ թէ ռուս խաղաղապահներու մասին, այդ փաստաթուղթերուն մէջ, որոնք յայտնի են, չկայ Մեղրիի միջանցքի մասին ոչ մէկ խօսք, չկան նաեւ Հատրութը կամ Շուշին ատրպէյճանական կողմին յանձնելու դրոյթներ, ինչպէս նաեւ Լաչինի միջանցքը հինգ քիլոմեթրանոց լայնութիւն չունէր: Եւ թերեւս ամենակարեւորը, որ օրինակ՝ մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ յստակ կը խօսուէր Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի մասին։

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը այսօր Լաւրովի հետ հանդիպման, գոնէ հրապարակային հատուածով, չէ խօսած, այսպէս կոչուած, Մեղրիի միջանցքի հարցով Ռուսաստանի դիրքորոշումի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ բուռն քննարկուող հայ-ատրպէյճանական սովետական տարիներու սահմանի հետ կապուած հարցերու մասին, փոխարէնը խօսած է ռազմագերիներու, եկեղեցիներու եւ Թուրքիոյ կողմէ տարածաշրջան բերուած ահաբեկիչներու մասին։

Ռուսաստանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարները այսօր յայտարարեցին, թէ այս հարցերով լուրջ աշխատանք կը կատարուի, Սերկէյ Լաւրով ըսաւ նաեւ, թէ Մոսկուան յաւելեալ գումար փոխանցած է Ղարաբաղ աշխատող Կարմիր խաչի գրասենեակին մարդասիրական հարցերուն համար։

Հայաստանի նորանշանակ արտաքին գործոց նախարարը թէ՛ Լաւրովի հետ հանդիպումը սկսելուն, թէ՛ համատեղ ասուլիսին, ընդգծեց ռազմագերիներու փոխանակման հարցի հրատապութիւնը։ «Մենք արդէն յայտնել ենք մեր պատրաստակամութիւնը բոլորի բոլորի հետ փոխելու գործընթացին։ Յուսով ենք, որ ատրպէյճանական կողմից չեն լինի խոչընդոտներ։ Միեւնոյն ժամանակ՝ յայտնի են բազմաթիւ դէպքեր ատրպէյճանիցների մօտ գտնուող հայ գերիների անմարդկային վերաբերմունքի վերաբերեալ», – նշած է Այվազեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment