Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ ԱՄՆ-ի Ծերակուտականները Կոչ Կ’ընեն Օգնութիւն Ցուցաբերել Մարդասիրական Ճգնաժամէն Տուժած Արցախին

ԱՄՆ-ի Ծերակուտականները Կոչ Կ’ընեն Օգնութիւն Ցուցաբերել Մարդասիրական Ճգնաժամէն Տուժած Արցախին

by MassisPost

Միացեալ Նահանգները պէտք է օգնութիւն ցուցաբերէ մարդասիրական ճգնաժամէն տուժած Լեռնային Ղարաբաղին: Այս կարծիքը յայտնած են ամերիկեան Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն դեմոկրատ՝ Ռոպըրթ Մենենտեսը եւ հանրապետական ծերակուտական՝ Ռոպ Փորթմընը իրենց համատեղ յայտարարութեան մէջ, զոր երէկ՝ Դեկտեմբեր 2-ին հրապարակած է Մենենտեսի մամլոյ ծառայութիւնը:

Անոնք կոչ ըրած են ԱՄՆ-ի օրէնսդիր մարմնի վերին պալատի յատկացումներու յանձնաժողովին «միջոցներ տրամադրելու Հարաւային Կովկասի մէջ շարունակուող մարդասիրական ճգնաժամը կարգաւորելու համար»՝ ընդգծելով ճգնաժամի ծանրութիւնը եւ ամերիկեան օգնութեան կարեւորութիւնը: «Հարաւային Կովկասի մարդասիրական իրավիճակը սարսափելի է եւ ձմրան հետ աւելի կը վատթարանայ», – կը կարծեն ծերակուտականները:

Մենենտեսը եւ Փորթմընը նշած են, որ «Թուրքիոյ աջակցութիւնը ստացած հակամարտութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ երկարաժամկէտ վնաս հասցուց տարածաշրջանի ենթակառուցուածքին եւ յանգեցուց Լեռնային Ղարաբաղի ցեղով հայ բնակչութեան կէսէն աւելիին, ներառեալ՝ կանանց եւ երեխաներու 90 տոկոսի, տեղահանման»։

«Մարտերը հնարաւոր է որ դադարեցուած են, բայց անոնց հասցուցած վնասը միջազգային հանրութեան կողմէ վճռական գործողութիւններու բացակայութեան պայմաններով կը շարունակէ յանգեցնել մահուան», – նշած են ծերակուտականները:

Արցախի վերականգնողական միջոցառումներու լուրջ ֆինանսաւորման խնդրանքին զուգահեռ՝ անոնք խնդրած են նաեւ յատուկ միջոցներ յատկացնել ականազերծման եւ չպայթած զինամթերքի վնասազերծման աշխատանքներուն համար:

«ԱՄՆ-ը պէտք է շարունակէ մեր հին աւանդոյթը՝ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրել անոնց, որոնք ամէնէն շատ անոր կարիքը ունին, ինչպիսիք են հազարաւոր ցեղով հայերը, որոնք ստիպուած են եղած լքելու իրենց տուները կամ այլ կերպով տուժած են բռնութենէն», – շեշտած են Մենենտեսը եւ Փորթմընը:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment