Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Պաքուն Յայտարարած Է՝ Արցախի Պատմական Եւ Մշակութային Յուշարձանները Կը Պահպանուին Եւ Հասանելի Կ’ըլլան Նաեւ Հայկական Համայնքի Համար

Պաքուն Յայտարարած Է՝ Արցախի Պատմական Եւ Մշակութային Յուշարձանները Կը Պահպանուին Եւ Հասանելի Կ’ըլլան Նաեւ Հայկական Համայնքի Համար

by MassisPost

Լեռնային Ղարաբաղ գտնուող պատմական եւ մշակութային յուշարձանները կը պահպանուին եւ հասանելի կ’ըլլան բոլոր համայնքներուն, ներառեալ՝ հայկական։ Այդ մասին ԹԱՍՍ գործակալութեան հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ատրպէյճանի մշակոյթի նախարար՝ Անար Քերիմովը:

«Մշակութային ժառանգութեան բոլոր յուշարձանները, անկախ իրենց ծագումէն, կրօնական պատկանելիութենէն, կը պահպանուին, կը վերականգնուին եւ կը յանձնուին բոլոր համայնքներու շահագործման, որոնք կ’ապրին այնտեղ, ներառեալ՝ հայկական համայնքին», – յայտարարած է ատրպէյճանցի պաշտօնեան։

Խօսելով, մասնաւորապէս, Դադիվանքի վանական համալիրի մասին, Ատրպէյճանի կառավարութեան ներկայացուցիչը վերահաստատած է, որ եկեղեցին հասանելի կ’ըլլայ նաեւ հայկական համայնքի համար։

Ղարաբաղեան պատերազմի ընթացքին ատրպէյճանական զինուժի վերահսկողութեան տակ անցած շարք մը բնակավայրերու մէջ, անոնց կարգին՝ Շուշի քաղաքին մէջ, բռնութեան ենթարկուած են հայկական պատմական յուշարձաններ եւ արձաններ։ Յաճախ վայրագութեան դրսեւորումները լուսանկարահանուած, տեսանկարահանուած ու տարածուած են ատրպէյճանական ընկերային հարթակներով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment