Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Վարչապետը Ներկայացուցած Է Գերեվարուած Անձանց Վերադարձի Ուղղութեամբ Տարուող Աշխատանքներ

Վարչապետը Ներկայացուցած Է Գերեվարուած Անձանց Վերադարձի Ուղղութեամբ Տարուող Աշխատանքներ

by MassisPost

Վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան կառավարութենէն ներս կը շարունակէ հանդիպումները արցախեան պատերազմի ընթացքին գերեվարուած, անհետ կորած զինուորականներու եւ քաղաքացիական անձանց ընտանիքներու անդամներուն հետ:

Վարչապետի աշխատակազմի տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութիւնը կը յայտնէ, որ Նիկոլ Փաշինեան կրկին տեղեկատւութիւն ներկայացուցած է գերիներու փոխանակման, անհետ կորած անձանց յայտնաբերման ուղղութեամբ Արցախի մասնակցութեամբ, Ռուսաստանի եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ տարուող աշխատանքներուն մասին եւ լսած ընտանիքներու անդամներուն մտահոգութիւններն ու պատասխանած անոնց հարցերուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment