Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Կարմիր Խաչի Աշխատակիցները Այցելած են Ատրպէյճան Գերեվարուած Զինծառայողները ու Քաղաքացիական Անձերը

Կարմիր Խաչի Աշխատակիցները Այցելած են Ատրպէյճան Գերեվարուած Զինծառայողները ու Քաղաքացիական Անձերը

by MassisPost

Կարմիր խաչի աշխատակիցները այցելած են ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով Ատրպէյճան գտնուող գերեվարուած զինծառայողները ու քաղաքացիական անձերը: Այս մասին կը յայտնէ Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնը:

«Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրախումբի եւ «Կարմիր խաչի» միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներու միջնորդութեամբ այժմ կ’ընթանան անյայտ կորածներու որոնման եւ զոհուածներու մարմինները դուրս հանելու աշխատանքները։ Կողմերու հետ համաձայնեցուած որոնողական աշխատանքները տեղի կ’ունենան ամենօրեայ ռեժիմով՝ ընդգրկելով Արցախի սահմանային բոլոր ուղղութիւնները», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment