Թուրքիան եւ Ռուսաստանը ընդհանուր յայտարարի չեն գար Ատրպէյճանի տարածքէն ներս անկախ ռազմական դիտորդական կեդրոնի ստեղծման շուրջ։ Այդ մասին «Ռոյթըրզ»-ին յայտնած է թրքական աղբիւրը՝ անանուն մնալու պայմանով։
Խօսքը ոչ թէ ռուս-թրքական համատեղ դիտորդական կեդրոնի, այլ Թուրքիոյ կողմէ հակամարտութեան գօտիին վրայ առանձին դիտորդական կէտ հիմնելու մասին է։
«Ռուսաստանը կը կարծէ, որ տարածաշրջանին մէջ առանձին թրքական դիտորդական կեդրոնի ստեղծման անհրաժեշտութիւն չկայ, սակայն Թուրքիոյ համար այդ անհրաժեշտութիւն է», – յայտնած է «Ռոյթըրզ»-ի աղբիւրը։
Ըստ նոյն աղբիւրին, խնդրի շուրջ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւնները կը շարունակուին եւ Անգարան յոյս ունի Ռուսաստանին հետ համաձայնութեան հասնելու։
Անցեալ շաբաթ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար՝ Սերկէյ Շոյկուն յայտնած է, որ Մոսկուան եւ Անգարան շուտով կ’աւարտեն քննարկումները` Ղարաբաղի հրադադարի մշտադիտարկումներու համատեղ կեդրոն հիմնելու շուրջ։
Զերծ մնալով յաւելեալ մանրամասնութիւններէն՝ Շոյկուն միայն նշած է, թէ ռուս-թրքական այս համագործակցութեան նպատակն է երաշխաւորել կայունութիւնը եւ նպաստել ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման։
«Համատեղ կեդրոն ստեղծելու որոշումը թոյլ կու տայ յուսալի վերահսկողղութիւն կատարել եւ դիտարկել հրադադարի պահպանման ռեժիմը», – պարզաբանած էր Ռուսաստանի ռազմական գերատեսչութեան ղեկավարը: