Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Յարութիւնեանն Ազատուած է ԿԳՄՍ Նախարարի Պաշտօնէն. Նոր Նախարարը Վահրամ Դումանեանն Է

Յարութիւնեանն Ազատուած է ԿԳՄՍ Նախարարի Պաշտօնէն. Նոր Նախարարը Վահրամ Դումանեանն Է

by MassisPost

Արայիկ Յարութիւնեանն ազատուած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի պաշտօնէն: Նախագահի հրամանագիրով զինք կը փոխարինէ Վահրամ Դումանեանը:

Արայիկ Յարութիւնեան 2018-2019-ին եղած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարար, իսկ 2019-ի Յունիս 1-ին նշանակուած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար:

Վահրամ Դումանեան Երեւանի Պետական Համալսարանի Ինֆորմատիքայի եւ կիրառական ուսողութեան բաժնի դեկանն է, ֆիզիքամաթեմատիքական գիտութիւններու դոկտոր, պրոֆեսոր:

Աւելի վաղ կառավարութենէն իրենց պաշտօններէն ազատուած էին Դաւիթ Տօնոյեանը, Զարուհի Բաթոյեանը, Ֆելիքս Ցոլակեանը եւ Զօհրապ Մնացականեանը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment