Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ֆրանսայի Ծերակոյտը կը Քննարկէ Արցախի Անկախութիւնը Ճանաչելու Բանաձեւը

Ֆրանսայի Ծերակոյտը կը Քննարկէ Արցախի Անկախութիւնը Ճանաչելու Բանաձեւը

by MassisPost

Ֆրանսայի Ծերակոյտը Նոյեմբեր 25-ին կը քննարկէ Արցախի անկախութիւնը ճանաչելու բանաձեւի օրինագիծը: Այդ մասին «Թուիթըր»ի միկրոպլոկին մէջ տեղադրած գրառմամբ յայտնած է «Հանրապետականներ» կուսակցութեան խմբակցութեան նախագահ՝ Պրիւնօ Ռետայոն:

Ֆրանսայի խորհրդարանի վերին պալատի՝ Ծերակոյտի ընդունած բանաձեւերը խորհրդատուական բնոյթ ունին, գործադիրը զանոնք կ’ընդունէ ի գիտութիւն եւ պարտաւոր չէ կատարելու:

«Միայն Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը կրնայ յուսալիօրէն երաշխաւորել Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներն ու ազատութիւնները եւ պաշտպանել թրքական իսլամական ընդլայնումէն», – գրած է Ռետայոն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment