Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Մահացած է Զօրավար Մանուէլ Գրիգորեան

Մահացած է Զօրավար Մանուէլ Գրիգորեան

by MassisPost

Մահացած է Ազգային ժողովի նախկին պատգամաւոր, զօրավար՝ Մանուէլ Գրիգորեան։ Այս մասին «Ազատութիւն»-ին հաղորդեց Գրիգորեանի փաստաբան՝ Արսէն Մկրտչեան։

Այլ տեղեկութիւն փաստաբանը չէ հաղորդած։ Մանուէլ Գրիգորեան 64 տարեկան էր։

Յիշեցնենք, որ անոր փաստաբանները բազմիցս կը յայտարարէին, որ զօրավարը շարք մը լուրջ հիւանդութիւններ ունի, մասնաւորապէս շաքարախտ, անոր վիճակը ծանր է, եւ բուժման համար անհրաժեշտ է Գրիգորեանը տեղափոխել Ֆրանսա։ Միջնորդութիւնը մերժուած էր։

Գրիգորեան կը մեղադրուէր ապօրինի կերպով զէնք, զինամթերք պահելու, աւելի քան 101 միլիոն դրամ իւրացնելու, աւելի քան մէկ միլիառ դրամ հարկերու վճարումէն խուսափելու, պետական միջոցներէն աւելի քան մէկ միլիառ դրամ վատնելու եւ 37 միլիոն դրամ արժողութեամբ գոյքի յափշտակութիւն կազմակերպելու համար:

Աւելի քան մէկուկէս տարի անազատութեան մէջ գտնուելէն յետոյ, 2020-ի Յունուար 15-ին զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի խափանման միջոց կալանքը փոխարինուեցաւ չհեռանալու մասին ստորագրութեամբ, երբ Գրիգորեանի առողջական վիճակը վատթարացաւ։

Դատաւոր Մնացական Մարտիրոսեան նշած էր, որ դատարանին որեւէ ապացոյց ներկայացուած չէր այն մասին, որ Գրիգորեանի վիճակի վատթարացումը ուղղակիօրէն կապ ունի արտերկիր հետազօտութիւն չանցնելու հետ։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment