Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Մովսէս Յակոբեան Փաշինեանը կը Մեղադրէ Յանցագործութեան Մէջ. Կառավարութենէն Մտացածին Կ’որակեն Մեղադրանքը

Մովսէս Յակոբեան Փաշինեանը կը Մեղադրէ Յանցագործութեան Մէջ. Կառավարութենէն Մտացածին Կ’որակեն Մեղադրանքը

by MassisPost

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողական ծառայութեան նախկին պետ՝ Մովսէս Յակոբեան, որ երէկ՝ Նոյեբեր 18-ին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, այսօր ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց, որ պատերազմի առաջին իսկ օրերուն յանցագործութիւն տեղի ունեցած է եւ որ անկէ ծնած են հետագայ խնդիրները։

«Այստեղ եւս մէկ յանցագործութիւն է կատարուել, որ երկրի ղեկավարը կանգնեցրել է համալրումը: Երկրի վարչապետը հրաման է արձակում կանգնեցնել լրահամալրումը եւ փոխարէնը կամաւորականներին ուղարկել առաջնագիծ՝ պատերազմի երրորդ օրը։ Վարչապետի որոշման հիմնաւորումներն ինձ չեն զեկուցում։ Չեն կարող հերքել, որովհետեւ պաշտօնատար անձինք, ովքեր պատասխանատու են այս գործընթացի համար եւ գիտեն, որ գալու է ժամանակը, որ սրա համար պատասխան պիտի տան այդ գործառոյթը չիրականացնելու համար, խօսակցութիւնը ձայնագրել են», – յայտարարեց Մովսիսեան, նշելով, որ առաջին իսկ մարտի ժամանակ այդ մարդոց մէկ մասը կը կոտորուի մարտի դաշտին վրայ եւ մէկ մասը խուճապահար կը փախչի։

«5-րդ օրը Արցախում 1500 հոգի մարդ ունէինք փախած, որոնք մէկուսացած  են տարբեր տեղեր, որ չգան յետ ու խուճապ չառաջացնեն Հայաստանում։ Եւ էդքան մարդկանց վրայ մարդ է նշանակուել, զօրքից կտրուել, որպէսզի դրանց պահեն, կերակրուել են զինուորների սնունդով, եւ մեր յարգարժան զօրավար-գնդապետ Սեյրան Օհանեանը, գնդապետ Բալասանեանը, զօրավար Ալեքսանեանը եւ տարբեր զինուորականներ բացատրական աշխատանքներ են տարել, որպէսզի նրանց մի մասին յետ վերադարձնենք բանակի շարքեր», – ըսաւ Յակոբեան։

Ան նշեց, որ զօրահաւաքը չէ կատարուած, եւ անոր պատասխանատուն երկրի ղեկավարն է, Պաշտպանութեան նախարարը, զինուորական կոմիսարիան, տարածքային կառավարման նախարարը եւ ոչ գլխաւոր շտապի պետը։

Ըստ Յակոբեանին, ամսու 30-ի դրութեամբ Արցախը կատարած է իր համալրման ծրագրի 78 տոկոսը եւ Հայաստանը՝ 52 տոկոսը։

«Դա պէտք է իրականացուեր 40 ժամուայ ընթացքում, եւ սա 5-րդ օրն է էդպէս եղել, երկրորդ օրն աւելի ցածր է եղել, համալրման տոկոսը », – ըսաւ Յակոբեան՝ նշելով, որ այստեղէն ծնած են բոլոր խնդիրները։

Կառավարութենէն մտացածին կը համարեն Մովսէս Յակոբեանի կողմէ վարչապետին ուղղուած մեղադրանքները։

Վարչապետի մամլոյ խօսնակ՝ Մանէ Գէորգեան դիմատետրի իր էջին վրայ մասնաւորապէս գրած է․ – «Կարծում եմ, որ Մովսէս Յակոբեանի յայտարարութիւններով պէտք է զբաղուեն իրաւապահ մարմինները»։

Իր համոզմամբ, Հայաստանի իրաւապահ մարմինները պէտք է քննեն Յակոբեանի բոլոր յայտարարութիւնները եւ «դրանք պէտք է հատիկ հատիկ պարզաբանուեն եւ գնահատականի արժանանան»:

Ընդգծելով, որ Հայաստանի վարչապետը իր հասցէին Յակոբեանի հնչեցուցած բոլոր մեղադրանքները կը համարէ մտացածին ու անհեթեթ, կը տեղեկացնէ, որ ըստ պատեհութեան, Փաշինեան կ’անդրադառնայ անոնց:

«Այդ յայտարարութիւնները ուսումնասիրուում են նաեւ վարչապետի նկատմամբ սուտ մատնութիւն անելու համաթեքսթում: Ուսումնասիրութիւնների արդիւնքում այս կապակցութեամբ նոյնպէս կը կայացուի որոշում», – յայտարարած է Գէորգեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment