Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ Ռուս Խաղաղապահներու Մուտքը Ղարաբաղ Ատրպէյճանցի Ընդդիմադիրները Կ’որակեն Որպէս «Հրաժարութիւն Ինքնիշխանութենէ»

Ռուս Խաղաղապահներու Մուտքը Ղարաբաղ Ատրպէյճանցի Ընդդիմադիրները Կ’որակեն Որպէս «Հրաժարութիւն Ինքնիշխանութենէ»

by MassisPost

Որքանո՞վ ռուսական զօրախումբի տեղակայումը Լեռնային Ղարաբաղ կը համապատասխանէ Ատրպէյճանի շահերուն։ Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնագրի ստորագրումէն 10 օր անց ատրպէյճանցի ընդդիմադիրներու զգալի մասին մէջ հիմնականօրէն յոռետեսական մօտեցումներ կը գերակշռեն։

«Ժողովրդավարական ուժերու ազգային խորհուրդի» ղեկավար, պատմաբան՝ Ճամիլ Հասանլին, վստահ է, որ ռուսական զօրքերու մուտքը Ղարաբաղ չեղեալ համարեց անկախ Ատրպէյճանի գլխաւոր ձեռքբերումներէն մէկը։

«Մենք տարիներ շարունակ կը հպարտանայինք, որ Ատրպէյճանը դարձաւ ոչ միայն յետխորհրդային, այլեւ յետընկերվարական տարածքի առաջին պետութիւնը, ուրկէ դուրս հանուեցան օտարերկրեայ, այսինքն` ռուսական ռազմակայանները եւ սահմանապահ զօրքերը։ Այժմ ահա Ատրպէյճանը մասնակիօրէն կը հրաժարի իր ինքնիշխանութենէն եւ ազատութենէն», – կը պնդէ Հասանլին Meydan TV կայքին տուած հարցազրոյցի ընթացքին:

REAL կուսակցութեան նախկին ղեկավարներէն՝ քաղաքագէտ Ազեր Ղասիմլիի պնդմամբ ` Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրը չեղեալ համարեց ոչ միայն 90-ականներուն Ատրպէյճանի արձանագրած դիւանագիտական յաջողութիւնները, այլեւ վերջին շաբաթներու ռազմական ձեռքբերումներու նշանակալի մասը։

«Մենք գիտենք, թէ ռուս խաղաղապահները ինչ կատարեցին Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ մէջ։ Վրաստան այնտեղ որեւէ լիազօրութիւն չունէր։ Արդեօք նման իրավիճակը չի կրկնուիր նաեւ Ղարաբաղի մէջ, եւ ո՞վ կրնայ մեզի նման երաշխիքներ տալ։ Եռակողմ յայտարարութեան մէջ նման երաշխիքներ չկան», – կը պնդէ քաղաքագէտը։

Ատրպէյճանի մերձիշխանական շրջանակներէն, սակայն, կը վստահեցնեն, որ ռուսական զօրքերու մուտքը Լեռնային Ղարաբաղ գրեթէ անխուսափելի էր։ Միլի մեճլիսի պատգամաւոր՝ Զահիտ Օրուճ, լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին անկեղծօրէն կը խոստովանի, որ Լեռնային Ղարաբաղին յարող այն շրջանները, որոնք դեռ կը գտնուին հայկական ուժերու վերահսկողութեան տակ, հնարաւոր է Պաքուին վերադարձնել բացառապէս ռուսերու օգնութեամբ։

Ի դէպ, Քելբաջարի մասին։ Այս շրջանը Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ պէտք է անցնի արդէն յաջորդ շաբաթ։ Պաքուի մէջ, սակայն, դժգոհ են, որ Դադիվանքի մերձակայքը ռուսական անցակէտ տեղադրուած է ։

Ազեր Ղասիմլիի համոզմամբ` ատրպէյճանական կողմին համար անպատասխան թուացող հարցերու առկայութեան գլխաւոր պատճառը Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագիրն ու ռուսական ուժերու փաստացի անսահմանափակ լիազօրութիւններն ու կարողութիւններն են։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment